Կարմիր Խաչի Ներկայացուցիչները Այցելեցին Ֆարաճովին

Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի ներկայացուցիչները նախորդ շաբաթ Հայաստանի մէջ այցելեցին ազրպէյճանցի գերի Ֆիրուզ Ֆարաճովին:

Ազրպէյճանի մէջ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի ներկայացուցչութիւնը ԱՓԱ լրատու գործակալութեան փոխանցեց, որ 23 օգոստոսին տեղի ունեցած հանդիպման ժամանակ կազմակերպութեան միջոցով տեղեկատուութիւն փոխանակուած է գերիին եւ անոր ընտանիքին միջեւ:

Ազրպէյճանցի զինուորը գերի ինկած էր նախորդ տարուան 26 յուլիսին:

Վերջերս հայկական կողմը Ֆարաճովը Ազրպէյճանի մէջ պահուող հայ ռազմագերի Յակոբ Ինջիղուլեանի հետ փոխանակելու հարցը քննարկելու պատրաստակամութիւն յայտնեց:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )