Լապատիա` «Պունտըսլիկա»-ին Առաջին Զոհը
«ՌՈՅԹԸՐԶ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ երէկ «Պունտըսլիկա»-ի կազմերէն Շթութկարթ պաշտօնանկ ըրաւ իր մարզիչը` Պրունօ Լապատիան` նկատի ունենալով, որ անոր կազմը նոր տարեշրջանին գծով ցարդ տեղի ունեցած բոլոր երեք մրցումներուն ալ պարտութիւն կրեց:
47 տարեկան Լապատիա, որ 2010-ին միացաւ Շթութկարթի, այսպիսով հանդիսացաւ «Պունտըսլիկա»-ի առաջին մարզիչը, որ կը կորսնցնէ իր պաշտօնը:
Նշենք, որ ան նախապէս Պայէր Լեւերքուզընի եւ Համպուրկի մարզիչն ալ եղած է:
CATEGORIES Մարզական