Քրտական Ազգային Խորհուրդին Եւ Սուրիական Համաձայնական Մարմինին Միջեւ Քիւրտերու Իրաւունքներուն Շուրջ Համաձայնութի՞ւն

Քրտական ժողովրդավարական-յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Համիտ Տարուիշ յայտնեց, որ Ապտելհաքիմ Պաշշարի ղեկավարութեամբ Քրտական ազգային խորհուրդի եւ սուրիական ընդդիմադիր Ազգային համաձայնական մարմինին միջեւ բանակցութիւններուն ընթացքին գոյացած է նախնական համաձայնութիւն մը, որ քիւրտ ժողովուրդին սահմանադրական իրաւունքները կը ճանչնայ եւ երկրին անունը «Սուրիոյ արաբական հանրապետութենէն» կը փոխէ «Սուրիոյ հանրապետութեան»:

Մուսլիմ. «Ասատ Ապուշ Չէ, Որ Դամասկոսի Մօտ
Քիմիական Զէնք Օգտագործէ»

Միւս կողմէ, քրտական Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութեան ղեկավար Սալեհ Մուսլիմ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ իր կուսակցութեան վերահսկողութեան տակ գտնուող քրտական շրջանները սուրիական ընդդիմութեան Քայիտայի առնչակից խմբաւորումներուն կողմէ յարձակումներու կ՛ենթարկուին:

Ան ըսաւ, որ «Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ ապուշ չէ, որ Դամասկոսի մօտ քիմիական զէնք օգտագործէ»` նշելով, որ կը կասկածի, թէ Ասատ այդպիսի զէնքերու օգտագործման դիմէ:

«Անցեալ չորեքշաբթի օր տեղի ունեցած յարձակումը, որ ըստ ընդդիմութեան, կառավարական ուժերու կողմէ գործուած է եւ հարիւրաւոր զոհեր պատճառած, շղթայազերծուած է, որպէսզի պատասխանատուութիւնը Ասատի ուսերուն բեռցուի եւ միջազգային հակազդեցութիւն յառաջացնէ», յայտնեց Մուսլիմ` աւելցնելով, որ «Սուրիոյ վարչակարգը քիմիական զէնքեր ունի, սակայն տրամաբանական չէ, որ զանոնք օգտագործէ Դամասկոսի մօտ քիմիական զէնքերու օգտագործումը հետաքննող ՄԱԿ-ի հետաքննիչներէն հինգ քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ»:

«Եթէ ՄԱԿ-ի հետաքննիչները փաստեր գտան, թէ Ասատ թունաւոր կազի յարձակումին պատասխանատու չէ, այլ սուրիական ընդդիմադիր ուժերն են, ապա աշխարհը այդ մէկը պիտի մոռնայ», ըսաւ ան` հարց տալով, թէ «ո՞վ պիտի պատժուի. Քաթարի իշխա՞նը, Սէուտական Արաբիոյ թագաւո՞րը կամ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողա՞նը»:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )