ՏԱՒՈՒԹՕՂԼՈՒ ՆԱՒԱՏՈՐՄԻՂԻ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԻՉՆԵՐՈՒՆ ԿԸ ԽՐԱՏԷ ԿԱԶԱՅԻ ԶԱՐԳԱՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ՍՊԱՍԵԼ

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու այս ամսուան վերջաւորութեան դէպի Կազա նոր նաւատորմիղի մը նաւարկումը ծրագրողներուն խրատեց սպասել եւ տեսնել, թէ Եգիպտոսի կողմէ Կազայի շրջափակման ջնջումը եւ պաղեստինեան ազգային միասնութեան կառավարութեան կազմութիւնը ինչպիսի՛ ազդեցութիւն պիտի ունենան Կազայի վրայ:

Ասիկա առաջին անգամն է, որ Տաւութօղլու նաւատորմիղի կազմակերպիչներուն կը թելադրէ վերատեսութեան ենթարկել իրենց ծրագիրները: Ան մինչեւ այժմ կը մերժէր նաւատորմիղին նաւարկումին արգելք հանդիսանալու ամերիկեան եւ իսրայէլեան կոչերը` յայտնելով, որ ծրագիրը քաղաքացիական նախաձեռնութիւն մըն է եւ կառավարութիւնը չի կրնար միջամտել անոր:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը դարձեալ կրկնեց այս կեցուածքը, սակայն նաեւ կազմակերպիչներուն կոչ ուղղեց` սպասելու եւ տեսնելու Կազայի մէջ ստեղծուելիք կացութիւնը:

 

Share this Article
CATEGORIES