«ԹՐՔԱԿԱՆ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ ԸՆԴԴԻՄՈՒԹԵԱՆ ՄԻՋԵՒ ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԳՈՅՈՒԹԻՒՆ ՉՈՒՆԻՆ» Կ՛ԸՍԷ ՏԱՒՈՒԹՕՂԼՈՒ
Իտալական «Աքի» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու յայտնած է, որ «թրքական կառավարութիւնը սուրիական ընդդիմութեան հետ չի ջանար որեւէ հաղորդակցութիւն հաստատել»:
Ան նշած է, որ իր երկրին կառավարութիւնը սուրիական կառավարութիւնը իր օրինական պաշտօնակիցը կը նկատէ, ուստի Անգարա չի ջանար սուրիական ընդդիմութեան հետ կապ հաստատել:
«Մենք մօտէն կը հետեւինք Սուրիոյ մէջ արձանագրուող զարգացումներուն: Արդարեւ, Սուրիան շրջանին մէջ կարեւոր երկիր մըն է եւ դրացի ամէնէն կարեւոր երկիրներէն մէկը, որուն հետ տարիներէ ի վեր բազմաբեւեռ յարաբերութիւններ ունինք», ըսած է Տաւութօղլու եւ աւելցուցած. «Այս է պատճառը, որ մեզ կը մղէ Սուրիոյ մէջ ընկերային խաղաղութեան եւ կայունութեան, ինչպէս նաեւ ժողովուրդին բարեփոխման եւ յաւելեալ ժողովրդավարութիւն հաստատելու օրինական ձգտումներուն մեծ կարեւորութիւն ընծայելու»:
Տաւութօղլու շեշտած է, որ անհրաժեշտ է զգուշանալ ուժի չափազանցուած օգտագործումէն` նշելով միաժամանակ, որ «ժողովուրդը փոփոխութեան իր ձգտումները պէտք է արտայայտէ խաղաղ միջոցներով»: Ան նախատեսած է, որ «Սուրիոյ մէջ ժողովրդավարական իսկական վերափոխումը ուշ կամ կանուխ յառաջդիմութիւն պիտի արձանագրէ»:
Միւս կողմէ, սուրիական «Ուաթան» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Հալէպի ոստիկանապետ գնդ. Եասեր Շաուֆի արգելք հանդիսացած է Սուրիոյ մէջ իր տեսակին մէջ առաջինը եղող` Հալէպի մէջ թրքական հիւպատոսարանին առջեւ նստացոյցի մը, որ տեղի պիտի ունենար երկուշաբթի կէսօրէ ետք, հակառակ անոր որ կազմակերպիչները ներքին գործոց նախարարութենէն արտօնութիւն ստացած էին:
Նստացոյցը կազմակերպած յանձնախումբի նախագահ, փաստաբան Մունիր Սայետ օրաթերթին յայտնած է, որ Հալէպի ոստիկանապետը խնդրած է համբերել, որպէսզի Թուրքիոյ խորհրդարանական ընտրութիւններուն յարմար մթնոլորտ ապահովուի: Սայետ նշած է, որ նստացոյցը պիտի կատարուէր բողոքելու համար Սուրիոյ զարգացումներուն նկատմամբ թրքական անակնկալ եւ դաւադիր կեցուածքին, Անթալիոյ մէջ սուրիական ընդդիմութեան ժողովը երկրորդ անգամ ըլլալով հիւրընկալելուն եւ Թուրքիոյ վարչապետին կողմէ սուրիական ղեկավարութեան փոխանցած «ցուցմունքներուն եւ հրամաններուն» դէմ: