Անչելոթթի. «Ներկայ Դրութեամբ Տիեկօ Լոփես Աւելի Լաւ Է, Քան` Քասիասը»

Տիեկօ Լոփես

Ռէալ Մատրիտի մարզիչ Քարլօ Անչելոթթի «Լա լիկա»-ի 2-րդ հանգրուանին` Կրանատայի դէմ արձանագրուած նուազագոյն յաղթանակէն ետք կատարեց հետեւեալ յայտարարութիւնը:

«1-0 արդիւնքով յաղթելով` դժուար է վերահսկել հանդիպումին ընթացքը: Մեզի համար առաջնահերթը յաղթանակ արձանագրելն է եւ կայուն կերպով կէտեր վաստկիլը: Ուրախ եմ, որ խումբը յաջողեցաւ կատարել իր դիմաց դրուած խնդիրը: Ինչ կը վերաբերի բերդապահի ընտրութեան, ներկայ դրութեամբ Տիեկօ Լոփես աւելի լաւ մարզավիճակի մէջ է, քան` Իքեր Քասիասը»:

Նշենք, որ այս լուրը հրապարակեց ArmSport.am-ը, մէջբերելով «Մարքա»-ի կողմէ լոյս ընծայուած յայտարարութիւնը:

Share this Article
CATEGORIES