Ալավերդեանի Համաձայն. Ինջիղուլեանի Նկատմամբ Ճնշում Տեղի Ունեցած Է
«Ընդդէմ իրաւական կամայականութեան» հասարակական կազմակերպութեան նախագահ, Հայաստանի մարդկային իրաւունքներու առաջին պաշտպան Լարիսա Ալավերդեան` մեկնաբանելով Պաքուի մէջ գտնուող հայ ռազմագերի Յակոբ Ինջիղուլեանի վերաբերեալ վերջին դէպքերը, «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին զարմանք յայտնեց, որ մարդկային իրաւունքներով զբաղող որեւէ միջազգային կազմակերպութիւն մինչեւ այսօր չէ արձագանգած իրաւունքներու կոպիտ խախտումին:
«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը նշեց, որ ազրպէյճանական պատկերասփիւռի կայանները արդէն երկրորդ անգամ ըլլալով հարցազրոյց կը վարեն հայ զինուորին հետ` այդպիսով խախտելով Ժընեւեան ուխտի 13-րդ յօդուածը, որով երկիրները պարտաւոր են ռազմագերին պաշտպանել հանրութեան հետաքրքրասիրութենէն:
Այս առիթով Լարիսա Ալավերդեանի գլխաւորած կազմակերպութիւնը անգլերէն եւ ռուսերէն լեզուներով նամակ մը պատրաստեց, որ պիտի ուղարկուի միջազգային կազմակերպութիւններուն` յատկապէս անոնց, որոնք 20 տարիէ աւելի ուշադիր կը հետեւին հայ-ազրպէյճանական սահմանի զարգացումներուն, մասնաւորաբար` «Էմնըսթի Ինթըրնեշընըլ»-ին, «Հիւմըն Ռայթց Ուաչ»-ին, ակնկալելով, որ «անոնք առնուազն դիմեն Ազրպէյճանին եւ ատիկա ընեն հրապարակային կերպով` բաղդատութեամբ միջազգային Կարմիր խաչին, որուն պաշտօնը իրենց թոյլ չի տար որեւէ հրապարակային դիտողութիւն կատարել»: Դիմում-նամակի հեղինակները նաեւ վրդոված են Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի ներկայացուցիչներուն աշխատանքէն. անոնք հայ ռազմագերիին հետ հանդիպում ունեցան 12 օր ետք, ինչ որ նոյնպէս Ժընեւեան ուխտի խախտում կը նկատուի:
Լարիսա Ալավերդեան յիշեցուց, որ տակաւին 1990-ականներուն, երբ դիմած էին «Էմնըսթի Ինթըրնեշընըլ»-ին, Ազրպէյճանի մէջ գտնուող հայ ռազմագերիներու նկատմամբ ցուցաբերուող դաժան վերաբերմունքին դէմ բողոքելով, միջազգային կազմակերպութեան միջնորդութեամբ երեք ռազմագերիները վերադարձան Հայաստան:
«Կայ կարելիութիւն, որ միջազգային կազմակերպութիւնները իրենք այցելեն, բայց մենք կը պնդենք, որ պէտք է Հայաստանէն ներկայացուցիչներ ըլլան, որովհետեւ Ազրպէյճանի նկատամբ վստահութիւնը կորսուած է», ըսաւ իրաւապաշտպանը: Ըստ անոր, միայն տրամաբանական համեմատութիւնը անոր առաջին եւ երկրորդ հարցազրոյցներուն միջեւ ցոյց կու տայ, որ ճնշում տեղի ունեցած է»:
«Քանի որ մենք բացասական փորձառութիւն ունինք, երբ նոյն ձեւի այդ հարցազրոյցէն ետք մարդկային կեանքի կորուստ եղած է, ապա մենք տուեալ պարագային ունինք նախ եւ առաջ Ինջիղուլեանի ողջ եւ առողջ ըլլալու հարցը», ընդգծեց Հայաստանի մարդկային իրաւունքներու առաջին պաշտպանը:

