Օթան. «Սուրիոյ Մէջ Քիմիական Զէնքի Օգտագործումը Առանց Պատասխանի Չի Կրնար Մնալ»
Բրիտանիոյ վարչապետ Տէյվիտ Քամերոն յայտարարեց, որ իր երկիրը ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին ներկայացուցած է բանաձեւ մը, որ կը դատապարտէ սուրիական վարչակարգին կողմէ Ղութա Շարքիյայի մէջ քիմիական զէնքի օգտագործումը եւ «քաղաքայինները պաշտպանելու համար անհրաժեշտ միջոցառումներու որդեգրման լիազօրութիւն կու տայ»:
Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուիլիըմ Հէյկ յայտարարեց, որ «ժամանակը հասած է, որ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը իր պարտաւորութեան տէր կանգնի»: Ան ընդգծեց, որ «կարեւոր է, որ հակադարձելու համար շատ ժամանակ չվատնենք»:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի անդամներուն, մասնաւորաբար Ռուսիոյ կոչ ուղղեց` Սուրիոյ հարցով բանաձեւին զօրակցելու: Սակայն Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարարը յայտնեց, որ «միջազգային հետաքննիչներու զեկուցումէն առաջ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին կողմէ Սուրիոյ մէջ քիմիական զէնքի ենթադրեալ օգտագործման պատասխանին մասին խօսելու համար տակաւին շատ կանուխ է»:
ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն յայտնեց, որ ՄԱԿ-ի հետաքննիչներուն պէտք է ժամանակ տրամադրել ճշդելու համար, որ քիմիական զէնք օգտագործուա՞ծ է: «Պէտք է իրականութիւնը գիտնալ: ՄԱԿ-ի հետաքննիչներու խմբակը այժմ այդտեղ գետնի վրայ է, որպէսզի այդ մէկը կատարէ: Յարձակումէն հազիւ քանի մը օր ետք արժէքաւոր նմուշներ առին եւ վիրաւորներն ու վկաները հարցաքննեցին: Խմբակը իր առաքելութիւնը կատարելու համար ժամանակի կարիք ունի»: Ըստ անոր, անոնք իրենց առաքելութիւնը ամբողջացնելու համար 4 օրուան կարիք ունին:
«Պէտք է Սուրիոյ մէջ խաղաղութեան եւ դիւանագիտութեան առիթ տրուի», ըսաւ ան եւ Ապահովութեան խորհուրդին կոչ ուղղեց` «միակամութիւն ցուցաբերելու եւ Սուրիոյ հարցով իր բարոյական եւ քաղաքական պարտաւորութեանց տէր կանգնելու»:
Սուրիոյ հարցով ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի յատուկ պատուիրակ Լախտար Իպրահիմի յայտնեց, որ «Սուրիոյ մէջ քիմիական զէնքերու ենթադրեալ օգտագործման հակադարձելու համար ամերիկեան զինուորական որեւէ միջամտութիւն Ապահովութեան խորհուրդին հաւանութեան կը կարօտի»:
«Կը կարծեմ, որ միջազգային օրէնքը այս առնչութեամբ յստակ է: Ըստ միջազգային օրէնքին, զինուորական քայլը կ՛առնուի Ապահովութեան խորհուրդի որոշումէն ետք: Միջազգային օրէնքը այդ կը նշէ», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ «նախագահ Օպամա եւ ամերիկեան վարչակազմը ուրախ չեն: Չեմ գիտեր ի՛նչ պիտի որոշեն, սակայն միջազգային օրէնքը հաստատ, որ շատ յստակ է»:
Լոնտոն յայտարարեց, որ Բրիտանիոյ վարչապետ Տէյվիտ Քամերոն եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա, որոնք երեքշաբթի օր հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին Սուրիոյ կացութիւնը քննարկած են, «քիմիական յարձակումին մէջ Ասատի վարչակարգին պատասխանատուութեան շուրջ նուազագոյն կասկածն իսկ չունին»:
Հաղորդագրութիւնը կը նշէ, որ Քամերոն եւ Օպամա համաձայն գտնուած են, որ իրենց տրամադրութեան տակ գտնուող տեղեկութիւնները կը հաստատեն, որ քիմիական զէնքով յարձակում մը տեղի ունեցած է, եւ «համաձայնեցան, որ Ասատի վարչակարգին պատասխանատուութեան շուրջ նուազագոյն կասկածն իսկ չունին»:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ յայտարարեց, որ Դամասկոսի մէջ Հայաստանի դեսպանատունը իր աշխատանքը «բնական կերպով» կը շարունակէ` նշելով, որ դեսպանատունն ու Հալէպի մէջ հիւպատոսարանը կը շարունակեն գործել, եւ Սուրիոյ մէջ դիւանագիտական ներկայացուցչութիւնները փակելու հարցը երբեք չէ քննարկուած:
Նշենք, որ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը երէկ Սուրիոյ հարցով գումարեց խորհրդակցական դռնփակ նիստ մը, որ սակայն կիսատ մնաց, որովհետեւ Ռուսիոյ եւ Չինաստանի ներկայացուցիչները քաշուեցան նիստէն:
Լաւրով. «Սուրիոյ Տագնապին Զինուորական
Որեւէ Լուծում Միջին Արեւելքի
Կայունութիւնը Պիտի Քայքայէ»
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով զգուշացուց, որ «Սուրիոյ տագնապի զինուորական որեւէ լուծում այդ երկրին ու Միջին Արեւելքի մէջ կայունութիւնը պիտի քայքայէ»:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութիւնը նշեց, որ Լաւրով Իպրահիմիի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին նաեւ շեշտած է, որ «Սուրիոյ մէջ քաղաքական-դիւանագիտական լուծումը այլընտրանք չունի»` նշելով, որ «զինուորական լուծումի փորձերը միայն երկրին ու շրջանին մէջ կայունութեան յաւելեալ քայքայման պիտի առաջնորդեն»:
Իրանեան Կեցուածքներ
Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէի ամերիկեան միջամտութիւններն ու Սուրիոյ դէմ սպառնալիքները նկատեց «շրջանը անկասկած հարուածող աղէտ մը»` շեշտելով, որ «ամերիկացիները Իրաք եւ Աֆղանիստան միջամտելով վնասներ կրեցին եւ այս անգամ եւս վնաս պիտի կրեն»:
Ան նախագահ Հասան Ռուհանին եւ անոր կառավարութեան անդամները հիւրընկալելու ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց, որ Սուրիոյ կամ որեւէ այլ երկրի մէջ օտար ուժերու միջամտութիւնը անիմաստ է եւ միայն պատերազմի ու տագնապի բոցերը կը հրահրէ, ինչպէս նաեւ այդ ուժերուն դէմ ժողովուրդներուն զայրոյթը կը գրգռէ:
Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ժաուատ Զաֆեր զգուշացուց, որ «Սուրիոյ դէմ արեւմտեան զինուորական որեւէ արկածախնդրութիւն շրջանը պիտի բոցավարէ եւ Սուրիոյ սահմանները շրջանցէ»:
Ան պատկերասփռուած զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ ինք այդ առումով զգուշացուցած է ՄԱԿ-ի պատուիրակ Ճեֆրի Ֆելթմանը:
Իրանի խորհրդարանի նախագահ Ալի Լարիժանի զգուշացուց, որ Արեւմուտքը շրջանի կարգ մը երկիրներուն գործակցութեամբ Սուրիոյ դէմ զինուորական գործողութիւն մը կրնայ կատարել, «սակայն զինուորական այդ գործողութիւնը շարունակելու որոշումը իր ձեռքը պիտի չըլլայ»` աւելցնելով, որ «Արեւմուտքը կը ջանայ Սուրիան հարուածել, որովհետեւ դիմադրութեան ճակատներէն մէկն է»:
Ան Սուրիոյ դէմ Արեւմուտքի յարձակումը նմանցուց «ականուած հողի վրայ քալել»-ու երեւոյթին` զգուշացնելով, որ եթէ Իսրայէլ սադրանք յառաջացնող քայլ մը առնէ, ապա Լիբանանի դէմ 33 օրերու պատերազմէն աւելի վատ ճակատագիրի պիտի արժանանայ:
Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի միջազգային ընտանիքին կոչ ուղղեց Սուրիոյ տագնապին նկատմամբ իր վարմունքին մէջ «իմաստութիւն» ցուցաբերելու եւ միջազգային օրէնքը կիրարկելու:
Հալքի. «Սուրիա Ներխուժողներու
Գերեզմանը Պիտի Ըլլայ»
Սուրիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Ֆայսալ Մքտատ յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներ, Բրիտանիա եւ Ֆրանսա «ահաբեկիչներուն» օգնեցին Սուրիոյ մէջ քիմիական զէնքեր օգտագործելու` աւելցնելով, որ այդ նոյն խմբաւորումները մօտ օրէն այդ զէնքերը Եւրոպայի դէմ պիտի օգտագործեն:
Ան ըսաւ, որ ինք ՄԱԿ-ի հետաքննիչներուն յանձնած է փաստեր, որոնք ցոյց կու տան, թէ «զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումները» ենթադրեալ յարձակումներու բոլոր վայրերուն մէջ «Սարին» կազը օգտագործած են:
Սուրիոյ վարչապետ Ուաէլ Հալքի յայտնեց, որ Սուրիա իր տագնապէն աւելի ուժեղ դուրս պիտի գայ եւ քիմիական զէնքի օգտագործման վերաբերեալ Արեւմուտքին «կեղծ ամբաստանութիւնը» պիտի դիմակայէ իր ժողովուրդին տոկունութեամբ, միասնականութեամբ եւ «իր բանակին կողքին կանգնելով»` աւելցնելով, որ «Սուրիա ներխուժողներուն գերեզմանը պիտի ըլլայ»:
«Աշխարհի վրայ ահաբեկչութիւնն ու Քայիտան սերմանողը Միացեալ Նահանգներն ու Իսրայէլն են», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ Արեւմտեան երկիրները` նախ եւ առաջ Միացեալ Նահանգներն ու Իսրայէլը քիմիական զէնքի օգտագործման պատրուակը կը ստեղծեն Սուրիոյ մէջ զինուորական միջամտութեան համար, որովհետեւ ահաբեկիչներուն վրայ իրենց դրած գրաւը ձախողեցաւ:
Զինուորական Պատրաստութիւններ
ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ պաշտօնատար մը յայտնած է, թէ Ուաշինկթըն որոշած է Սուրիոյ դէմ միակողմանի զինուորական գործողութիւններու սկսիլ:
Իսրայէլեան աղբիւրներ հաղորդեցին, որ Իսրայէլի զինուորական գաղտնի սպասարկութիւնը Միացեալ Նահանգներուն ներկայացուցած է Սուրիան հարուածելու առումով Իսրայէլի կողմէ ճշդուած թիրախները, որոնք կը ներառեն կարգ մը դիրքեր եւ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատին ձեռք չեն տար, այլ կը վարկաբեկեն զինք, որպէսզի Իսրայէլի դէմ բուռն հակազդեցութիւն չցուցաբերէ:
Առաջարկուած թիրախներու շարքին են Սուրիոյ զինուորական եւ գաղտնի սպասարկութեանց դիրքերը` առանց հարուածելու նախագահական պալատը եւ այլ վայրեր, ուր վարչակարգի բարձրաստիճան ներկայացուցիչներ կրնան սպաննուիլ: Աւելի՛ն, Իսրայէլ ամերիկեան վարչակազմէն կանաչ լոյս ստացած է ի պահանջեալ հարկին ուժեղ եւ իր յարմար դատած ձեւով հակադարձելու, եթէ յարձակումի ենթարկուի:
Ռուսական «Իզվեսթիա» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ ամերիկեան լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ Միացեալ Նահանգներ աւարտած են Սուրիոյ դէմ օդային հարուածներ հասցնելու պատրաստութիւնները: Սուրիական ծովափին մօտ կը գտնուին ամերիկեան մարտանաւեր, որոնց շարքին` 4 օդանաւակիրներ, որոնց վրայ 400 թեւաւոր հրթիռներ կան, ինչպէս նաեւ Կիպրոսի բրիտանական ռազմակայանին աշխուժութիւն կը նշմարուի` աւելցնելով, որ «սակայն մասնագէտներու կարծիքով` քիմիական զէնքի օգտագործման պատրուակով Սուրիան հարուածելը նախաբան մըն է, որուն կը հետեւի Իրանի դէմ հարուածը»:
Հըզպալլայէն ղեկավար աղբիւրներ քուէյթեան «Ռայ» օրաթերթին կը յայտնեն, որ կուսակցութիւնը ձեռնածալ չի կրնար մնալ, եթէ Սուրիոյ դէմ արեւմտեան հարուածը պատժական բնոյթ չունի, այլ` գետնի վրայ զինուորական հաւասարակշռութիւնը շրջելու նպատակը կը հետապնդէ:
Մինչ թրքական դիւանագիտական աղբիւրներ «Սքայ Նիուզ»-ին յայտնեցին, որ Սուրիոյ դէմ սպասուած հարուածը երկու շաբաթ ետք տեղի պիտի ունենայ, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու յայտարարեց, որ
թրքական զինեալ ուժերը պատրաստ վիճակի մէջ դրուած են»: Ան ըսաւ, որ Ռուսիոյ եւ Չինաստանի կեցուածքները «բարդացուցած են» Սուրիոյ կացութիւնը, ինչպէս նաեւ գոյութիւն ունին կողմեր, որոնք կ՛ուզեն Թուրքիոյ վարկը աղարտել:
Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Լորան Ֆապիւս յայտնեց, որ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ Սուրիոյ մէջ քիմիական զէնքի օգտագործման պատասխանելու որոշումները «յարմար ատենին» պիտի տայ: Ան Ֆրանսայի անվտանգութեան խորհուրդի արտակարգ նիստէն ետք յայտնեց, որ ժողովը քննարկած է քիմիական զէնքի օգտագործման հակադարձելու բոլոր կարելիութիւնները` «դիւանագիտական եւ զինուորական առումով»: Նշենք, որ Ֆրանսայի խորհրդարանը 4 սեպտեմբերին արտակարգ նիստ մը կը գումարէ` քննարկելու համար Սուրիոյ հարցը:
Բրիտանիոյ վարչապետ Քամերոն յայտնեց, որ Բրիտանիոյ ազգային անվտանգութեան խորհուրդը միաձայնութեամբ որդեգրած է սուրիական վարչակարգին դէմ միջոցառումի դիմելու որոշումը` իբրեւ հակազդեցութիւն քիմիական զէնքի ենթադրեալ օգտագործման: Քամերոն «Թուիթըր»-ի իր հաշիւին վրայ գրեց, որ խորհուրդը միաձայնութեամբ նշած է, որ Ասատի կողմէ քիմիական զէնքի օգտագործումը «անընդունելի է եւ աշխարհը պէտք է լուռ չմնայ»: Նշենք, որ Բրիտանիոյ խորհրդարանը այսօր արտակարգ նիստ մը կը գումարէ` քննարկելու համար Սուրիոյ հարցը:
ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Անտերս ֆոկ Ռասմուսեն դաշինքի անդամ երկիրներու դեսպաններու երէկուան ժողովին աւարտին յայտնեց, որ քիմիական զէնքի օգտագործումը «անընդունելի է» եւ «առանց պատասխանի չի կրնար մնալ»: Ան նշեց, որ իրենց տրամադրութեան տակ եղող տեղեկութիւնները ցոյց կու տան, որ սուրիական վարչակարգը պատասխանատու է 21 օգոստոսին Դամասկոսի մօտ քիմիական զէնքի օգտագործման` աւելցնելով, որ «պատասխանատուները պէտք է հաշուետուութեան կանչուին»:

