«Եթէ Իրաւարարները Այս Ձեւով Շարունակեն, Պիտի Քաշուինք Ախոյեանութենէն». Ըսաւ Ալաշկերտի Նախագահը

Ալաշկերտի նախագահ Բագրատ Նաւոյեան «Ֆութպոլ +» շաբաթաթերթին հետ կատարած իր մէկ հարցազրոյցին ընթացքին իրաւարարներուն նկատմամբ իր դժգոհութիւնը յայտնեց Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան Փիւնիկ-Ալաշկերտ 3-րդ հանգրուանի մրցումին գծով, որուն ընթացքին իր կազմը 3-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց:

Անոր կարծիքով, կեդրոնի իրաւարար Սուրէն Փալիեան իր կազմին ի նպաստ փենալթի մը զլացաւ, մինչ արդիւնքը 2-1 էր` ի նպաստ Փիւնիկի:

«Կու գամ ըսելու, որ Փիւնիկը շատ զօրաւոր խումբ է եւ իրաւարարներուն օգնութեան կարիքը չունի: Այսպիսի դէպքերու ընթացքին ես ինքզինքս հիասթափուած կը զգամ: Եթէ փալիեանները շարունակեն այս ձեւով կատարել իրաւարարի իրենց պաշտօնը, պիտի խնդրեմ ֆետերասիոնին նախագահէն յառաջիկայ տարիէն սկսեալ մեզի նկատի չունենալ, որովհետեւ որոշած ենք խումբը քաշել ախոյեանութենէն: Շատ հաւանաբար անոնք չեն իմանար, թէ իրենց մէկ սխալը որքան վնաս պատճառեց ինծի: Անոնց համար թերեւս իմանալը դժուար է, թէ մենք խումբը ի՛նչ միջոցներով կը պահենք եւ որքա՛ն գումարներ կը ծախսենք», ըսաւ Նաւոյեան:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )