Ասատի Դէմ Գործողութիւնը Սկսած Է

Իզապել Լասեր ֆրանսական «Լը Ֆիկարօ» օրաթերթի 22 օգոստոսի թիւին մէջ կը գրէ, որ ըստ տեղեկութեանց, սուրիական վարչակարգի ընդդիմադիրները օգոստոսի կէսէն ի վեր յորդանանեան, իսրայէլեան եւ ամերիկեան մասնայատուկ ուժերու աջակցութեամբ դէպի Դամասկոս կը յառաջանան: Այս յարձակումը կրնայ վարչակարգին կողմէն քիմիական զէնքերու հաւանական օգտագործման բացատրութիւն մը ըլլալ:

Եթէ տակաւին կանուխ է կտրուկ կերպով մերժելու Դամասկոսի եւ Մոսկուայի պաշտպանած այն թեզը, թէ քիմիական զէնքի կիրարկման պատասխանատուն սուրիական ընդդիմութիւնն է, արդէն կարելի է պատասխանել այն շփոթ յառաջացնող հարցումին, թէ Պաշշար Ասատ ի՞նչ շահ ունի քիմիական զէնքով յարձակում գործելու այնպիսի պահու մը, երբ ՄԱԿ-ի հետաքննիչներուն արտօնութիւն տուաւ քիմիական զէնքերու կիրարկումը հետաքննել:

Առաջին պատճառը այն է, որ ըստ «Լը Ֆիկարօ»-ի տեղեկութեանց, Յորդանանի մէջ ամերիկացիներուն կողմէ մարզուած առաջին ջոկատները օգոստոսի կէսէն ի վեր սկսած են գործել հարաւային Սուրիոյ Տարաա շրջանին մէջ: 300 զինեալներէ բաղկացած առաջին խմբակ մը իսրայէլեան ու յորդանանեան մասնայատուկ ուժերու, ինչպէս նաեւ «Սի.Այ.Էյ.»-ի անդամներու աջակցութեամբ 17 օգոստոսին Սուրիոյ սահմանը կտրած է: 19 օգոստոսին երկրորդ խմբակ մը անոր միացած է: Ըստ զինուորական աղբիւրներու, ամերիկացիները, որոնք իրենց զինուորները չեն ուզեր Սուրիա ուղարկել, ոչ ալ իսլամական արմատականներու վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքներուն մէջ ըմբոստները զինել, ամիսներէ ի վեր Յորդանան-Սուրիա սահմանին վրայ գտնուող ճամբարի մը մէջ գաղտնաբար կը մարզեն Սուրիական ազատ բանակէն զինեալներ:

Անպատժելիութեան Զգացում

Ամրան սկիզբը ամերիկացիներուն պատրաստած զինեալները սկսած են երկրին հարաւին մէջ նահանջի մատնել սուրիական ուժերը եւ մօտենալ մայրաքաղաքին: Ռազմավարական վերլուծութեան ֆրանսական հիմնարկէն հետազօտող Տաւիտ Ռիկուլէ-Ռոզ կը բացատրէ, որ անոնց յառաջխաղացքը սկսած է զգալի դառնալ Ղութայի մէջ:

Ըստ տարածաշրջանի քաղաքական հարցերու մասնագէտի մը, Ուաշինկթընի նպատակը հարաւային Սուրիոյ մէջ ապահովական գօտիի մը ստեղծումն է եւ մինչեւ իսկ` թռիչքներու արգիլեալ գօտիի մը, ուր վարչակարգի ընդդիմադիրները կրնան ամենայն ապահովութեամբ մարզել, մինչեւ որ ուժերու հաւասարակշռութիւնը փոխուի: Ահա այս պատճառով է, որ Միացեալ Նահանգներ Յորդանանի մէջ «Փաթրիոթ» հակաօդային համակարգեր եւ «Էֆ-16»-եր տեղակայեցին:

Ղութայի վրայ վերջերս բանեցուած զինուորական ճնշումը կը վտանգէ սուրիական վարչակարգին սիրտը եղող Դամասկոսը: Անցեալ յուլիսին նախագահ Ասատի բանբերը հրապարակաւ հաստատած էր, որ վարչակարգը Սուրիոյ մէջ քիմիական զէնք պիտի օգտագործէ միայն արտաքին յարձակումի մը պարագային: Օրինակի համար` երկրին հարաւը օտար գործակալներու մուտքին պարագային®:

Երկրորդ պատճառը դիւանագիտական է: Օգոստոս 2012-էն ի վեր, երբ Պարաք Օպամա քիմիական զէնքի օգտագործումը նկատեց «կարմիր գիծ» մը, որուն շրջանցումը կրնայ ռազմական միջամտութեան պատճառ դառնալ, քիմիական զէնքով 13 յարձակումներ արձանագրուեցան, առանց որ ամերիկեան հակազդեցութիւն տեղի ունենայ: Փաստեր ձեռք ձգելը դժուար է, որովհետեւ Դամասկոս կանոնաւոր կերպով կ՛արգելակէ ՄԱԿ-ի հետաքննիչներուն աշխատանքը: Սուրիական վարչակարգին ունեցած անպատժելիութեան երեւոյթը ամրապնդուած է ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ ռուսական աջակցութեան պատճառով: Պարաք Օպամա, որ Սպիտակ տուն հասնելէ ետք Քրեմլինի առաջարկած էր երկկողմանի յարաբերութիւններուն նոր թափ տալ, չ՛ուզեր Մոսկուայի հետ կապերը խզել:

Այլընտրանքները Ի՞նչ Են

Եթէ սուրիական վարչակարգը իսկապէս Դամասկոսի մէջ քիմիական զէնք կիրարկած է եւ` աւելի քան 100 հազար զոհ պատճառած, հակամարտութեան մէջ նոր հանգրուանի մը ազդանշանը տուած պիտի ըլլայ: Թղթածրարին մասնագէտ վերլուծաբան մը կը նշէ, որ` «հարցը նախկինին նման փոքր աստիճանի փորձարկումի մը չի վերաբերիր: Քիմիական զէնքերը այսուհետեւ մաս կը կազմեն պատերազմին: Ամերիկացիներուն ուղղուած պատգամ մըն է, ինչպէս նաեւ մարտահրաւէր մը` ուղղուած Պարաք Օպամայի, որ աշխարհի տարածքին իր դաշնակիցներուն մօտ օրինականութիւնը կորսնցնելու վտանգը կը դիմագրաւէ»:

Յորդանանեան հողերէն մղուած գաղտնի գործողութեանց զուգահեռ, միջազգային ընտանիքը ռազմական այլընտրանքներ կը սերտէ: Ըմբոստները զինե՞լ. «Եթէ այդ մէկը օր մը կատարենք, պիտի չյայտարարենք», կ՛ըսէ դիւանագիտական աղբիւր մը: Յատուկ թիրախներու դէմ օդային հարուածնե՞ր. կարելի է, սակայն այդ լուծումը տագնապը շրջանային տագնապի մը վերածելու վտանգը կը պարունակէ: Քիմիական զէնքերը վնասազերծելու համար մասնայատուկ ուժե՞ր. Իսրայէլ քանի մը անգամ հարուածեց Սուրիան: Սակայն արեւմտեան գաղտնի սպասարկութիւնները չեն ուզեր քիմիական զէնքերուն ժիհատական խմբաւորումներուն ձեռքը անցնելուն ռիսքը առնել: Վերջին ընտրանքը ձեռնածալ մնալն է: Պաշշար Ասատ իր գրաւը ասոր վրայ դրած կը թուի ըլլալ:

Share this Article
CATEGORIES