Փասատենայի Քաղաքային Խորհուրդը Պիտի Քննէ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին Նուիրուած Յուշարձանի Նախագիծը

Հայոց ցեղասպանութեան 1.5 միլիոն զոհերու յիշատակը վառ պահելու նպատակով Փասատենայի Հայ դատի յանձնախումբը մինչեւ 2015 թուական ցեղասպանութեան նուիրուած յուշարձան պիտի կառուցէ այդ քաղաքին մէջ: Վկայակոչելով «Ասպարէզ» պարբերականը` «Արմենփրես» հաղորդեց, որ Հայոց ցեղասպանութեան մասին համապատասխան արձանագրութեամբ յուշարձանը պիտի զետեղուի Փասատենայի յիշատակի այգիին մէջ` Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակի կոմիտէին նախաձեռնութեամբ: Նախագիծին հեղինակն է Տիզայնի գեղարուեստի համալսարանի 26-ամեայ ուսանող Քեթրին Մենարտ:

Նախագիծին համաձայն, յուշարձանը պիտի ներկայացնէ 4.8 մեթր եռակնանի ցայտաղբիւր, որմէ 21 վայրկեանը անգամ մը ջուր կը ցայտէ: Կը նախատեսուի, որ մէկ տարուան ընթացքին աղբիւրին մէջ 1.5 միլիոն կաթիլ ջուր  պիտի հաւաքուի` խորհրդանշելով ցեղասպանութեան զոհերը:

Տակաւին 16 յուլիս 2013-ին Փասատենայի քաղաքային խորհուրդի հանգիստի գօտիներու եւ այգիներու յանձնախումբը միաձայնութեամբ հաւանութիւն տուած էր նախագիծին: Իսկ արդէն 9 սեպտեմբերին տեղի պիտի ունենան յուշարձանի նախագիծի հաստատման քաղաքային խորհուրդի լսումները:

24 ապրիլ 2015 թուականին ամբողջ աշխարհը պիտի նշէ 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութեան 100-ամեայ տարելիցը: Օսմանեան կայսրութեան կազմակերպած եւ իրականացուցած ոճրագործութիւններու զոհ դարձած 1.5 միլիոն հայերու յիշատակը վառ պահելու համար աշխարհի 33 երկիրներուն մէջ պիտի զետեղուին 166 յուշարձաններ:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )