Արցախի Մէջ Զինուոր Մը Վիրաւորուած Է Թշնամիի Կրակոցէն
28 օգոստոսին հիւսիսային ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն պահպանութեան տեղամասի մարտական դիրքերէն մէկուն մէջ հակառակորդին կողմէ արձակուած գնդակէն վիրաւորուած է զինուոր Արշակ Մկրտչեան (ծնեալ` 1994-ին): Վիրաւորուած զինուորին վիճակը միջակ է:
Միջադէպին հետ կապուած մանրամասնութիւնները պարզելու համար կը կատարուի քննութիւն:
CATEGORIES Հայկական