Ընկ. Հրաչ Մուրատեանի Անթառամ Յիշատակին (Հայու Անարգ Գնդակով Զոհուած Պռօշեանի Գիւղապետին)

ՄԱՐԳԱՐ ՇԱՐԱՊԽԱՆԵԱՆ

Թախիծ մը կայ մէջը սրտիս,
որ օրերով կը տանջէ զիս,
թախիծ մը, որ ես չեմ կրնար
անխիղճ դառնալ ու զայն մոռնալ:

Անմարդկային արարք մըն էր,
որ հրահրեց ցասումը մեր,
դաւադիրներն այդ խօլական
պէտք է յայտնել, ուր որ ըլլան:

Պէտք չէ վախնանք ճշմարիտէն,
արդարութիւն պահանջելէն,
յանցաւորին երբ որ յայտնենք,
արդարութեան կը նպաստենք:

Ընկեր Հրաչը պէտք չէ մոռնանք,
հաւատարիմ պէտք է մնանք
իր երազին, իր իտէալին,
իր անձնուէր խոնարհ կեանքին:

Հիմա կանգնած իր շիրիմին`
երդում կու տանք իր անունին,
որքան օրերն ալ անցնին,
պիտի հասնինք մեր խոստումին…

զի մարմինը նոյնիսկ մեռնի
նպատակը յաւերժ կ՛ապրի…

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )