50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ ( 9 ՅՈՒՆԻՍ 1961 )

ՓԱՌԱՏՕՆ ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՐԴԱԿԱՆ ԵՐԳ ՈՒ ՊԱՐԻ

Բոլոր անոնք, որոնք անցեալ եւ նախանցեալ տարիներուն առիթը ունեցան ներկայ գտնուելու Էշրեֆիէի Համազգայինի «Քնար» հայ երգ ու պարի խումբի ելոյթներուն զանազան սրահներու մէջ, վստահաբար ուրախացան` իմանալով մամուլին տրուած ծանուցումը, որ կը յայտնէ, թէ խումբը իր տարեկան ձեռնարկը պիտի տայ մօտ ատենէն: Թէեւ տարուան ընթացքին խումբը քանիցս զանազան ձեռնարկներու իր պատուաբեր մասնակցութիւնը բերաւ մեծապէս գնահատուելով, սակայն տարեկան ձեռնարկին միայն խումբին ղեկավար տէր եւ տիկին տոքթ. Վ. Աբրահամեաններ կը վերապահեն նոր երգերու եւ պարերու գործադրումը: Արդարեւ, բացի տարեկան մեծ ելոյթէն, տարբեր առիթներով գործադրուած երգերն ու պարերը եղած են գրեթէ հազուագիւտ բացառութեամբ նախորդ տարեկան ձեռնարկներու յայտագրին մէջ գործադրուած երգեր ու պարեր: Գրագէտ Նշան Պէշիկթաշլեանի ի պատիւ տրուած երեկոյթին բացառաբար, քանի մը նոր երգերու ունկնդրութիւնը կատարուեցաւ: Հայաստանի համբաւաւոր հայ երգ ու պարի անսամպլի նմանողութեամբ առաջին խումբն է ան արտասահմանի մէջ, թէեւ իր անուան իբրեւ բաղկացուցիչ մաս` չի կրեր անսամպլ օտարոտի բառը, ոչ ալ իր պարաձեւերը կ՛ընդօրինակէ անկէ: Համազգայինի «Քնար» հայ երգ ու պարի խումբին պարուսոյց Էկլանթին Աբրահամեանի յղացումներն են խումբին գործադրած բոլոր պարերը:

Այս տարուան ձեռնարկի յայտագրին մաս կը կազմեն մեծ թիւով նոր երգեր ու պարեր, որոնց առաջին ունկնդրութիւնն ու կատարումը պիտի ըլլայ արտասահմանի մէջ: Յայտագիրը կը պարունակէ նաեւ սքանչելի անտիպ երգ մը, որուն առաջին ունկնդրութիւնը պիտի ըլլայ երգչախումբի եւ նուագախումբի կատարմամբ:

Նախորդ տարիներուն խումբին նիւթական վտիտ միջոցները պատճառ եղած էին, որ տարազները նուազ ճոխ ըլլան: Այս տարի Համազգայինի վարչութիւնը նիւթական մեծ զոհողութիւններու գնով պատրաստել տուած է 80 հոգինոց երգի ու պարի խումբին ու նաեւ նուագախումբին համար յաւելեալ նոր եւ ճոխ տարազներ, ինչպէս նաեւ` բեմին խորքը զարդարելու համար գեղատեսիլ բնանկար պաստառներ: Ապահովաբար այս տարուան ձեռնարկը պիտի գերազանցէ նախորդ տարիներու ելոյթները եւ պիտի ընծայէ գեղարուեստական հաճելի վայելք մը բոլոր անոնց, որոնք կը հրճուին հայ մշակոյթի կալուածին մէջ կատարուած նուաճումներով եւ առիթը պիտի չփախցնեն ներկայ գտնուելու սոյն երեկոյթներուն, հաստատելու համար, թէ գաղթաշխարհի մէջ հայութիւնը, առանց պետական նպաստի, սիրողներու խումբերով ի վիճակի է հայութեան համար պատուաբեր մշակութային ձեռնարկներ կատարել:

Երանի Համազգայինի հայ երգ ու պարի սոյն խումբը կարելիութիւնը ունենար շրջապտոյտ մը կատարելու զանազան գաղութներու մէջ` տարածելու համար հայ ժողովրդական տոհմիկ երգ ու պարին եւ երաժշտութեան հմայքը, ինչպէս թատերական մարզի մէջ Համազգայինի Թատերասէրներու միութեան «Գասպար Իփէկեան» խումբը կատարեց խիստ պատուաբեր կերպով եւ ասկէ ետք ալ ապահովաբար պիտի կատարէ:

Գաղթաշխարհի մէջ վերոյիշեալ խումբերու ընծայուելիք պետական նպաստը կը փոխարինէ անդամներու զոհաբերութեան ոգին եւ հասարակութեան անվերապահ գնահատանքը, որոնց շնորհիւ կանգուն կը մնան ու տարուէ տարի վերելք կ՛արձանագրեն օգտաշատ այս խումբերը: Հայ ժողովուրդի արուեստասէր զանգուածը իր անվերապահ հիացումով կը հանդիսանայ անաչառ քննադատ եւ իր խուռներամ ներկայութեամբ կը վարձատրէ հայ մշակոյթի պահապան` գիտակից զոհաբերումի ասպետները:

Նկատողութեան առնուելիք կէտ մըն է այն, որ Համազգայինի Հայ երգ ու պարի խումբը ղեկավարութեամբ տէր եւ տիկին Աբրահամեաններու, երկար ամիսներ կ՛աշխատի, բծախնդրօրէն փորձեր կատարելով` ձեռնարկը կը հասցնէ Պէյրութի գեղարուեստական եղանակի վերջաւորութեան, կարծես փակումը ընելու համար եղանակին, այնպէս որ, միշտ ալ ամառնային եղանակի սկսելուն պատճառով անկարելի կ՛ըլլայ կրկնութեան պահանջներուն գոհացում տալ` զրկելով ստուարաթիւ գեղարուեստասէրներ հաճելի վայելքէ մը: Փափաքելի է, որ յառաջիկայ տարիներուն գոնէ մայիս ամսուն մէջ կարելի ըլլայ տալ ժողովուրդէն անհամբերութեամբ սպասուող սոյն տարեկան հայ երգ ու պարի փառատօնը:

Կ. ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ

 

Share this Article
CATEGORIES