Աբրահամեան. «Այսօրուան Այս Համակարգը Շատ Բնական Կ՛աշխատի»
Անցեալ ուրբաթ օր Արմաւիրի մարզպետարանին մէջ լրագրողներուն հետ տեղի ունեցած զրոյցին ընթացքին Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեան անդրադարձաւ սահմանադրական փոփոխութիւններու հարցին:
Քանի մը օր առաջ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ զրոյցին ընթացքին խորհրդարանի պետական-իրաւական հարցերու մնայուն յանձնախումբի նախագահ, Հայաստանի հանրապետական կուսակցութեան գործադիր մարմինի անդամ Դաւիթ Յարութիւնեան նշած էր, որ Հայաստանի իշխանութիւնները, Հանրապետական կուսակցութեան որոշում առնողները քննարկումներու սկսած են երկրին Սահմանադրութեան փոփոխութեան շուրջ եւ չի բացառուիր, որ քննարկումներուն իբրեւ արդիւնք Հանրապետականին մէջ որոշում տրուի` առաջարկելու անցում կատարել խորհրդարանական հանրապետութեան:
«Քննարկում տեղի չէ ունեցած, որպէսզի նախագահականէն խորհրդարանական անցնինք: Դաւիթ Յարութիւնեան այդ նպատակով ալ չէ ըսած, ես զրուցած եմ իրեն հետ, պարզապէս մամուլին մէջ այսպիսի ձեւաւորում ստացաւ: Ամէն պարագայի, ոչ մէկ բան բացառենք, բայց որեւէ այսպիսի հարց յստակօրէն չէ քննարկուած, որ նախագահականէն խորհրդարանական համակարգին անցնինք», այս առնչութեամբ ըսաւ Յովիկ Աբրահամեան:
«Սահմանադրական փոփոխութիւններ, եթէ կը յիշէք, մենք նախագահական ընտրութիւններէն ետք կ՛առաջարկէինք, որ Րաֆֆի Յովհաննէսեան ղեկավարէ այդ յանձնախումբը: Հանրապետութեան նախագահին կարգադրութեամբ այդ յանձնախումբը ստեղծուեցաւ, Սահմանադրական դատարանի նախագահը կը ղեկավարէ զայն, եւ գոյութիւն ունին առաջարկներ հասարակական կազմակերպութիւններու, քաղաքացիական հասարակութեան, քաղաքական ուժերուն, լսել եւ քննարկման առարկայ դարձնել իւրաքանչիւր խնդիր»:
Պատասխանելով լրագրողներէն մէկուն այն հարցումին, թէ իր կարծիքով Հայաստանի մէջ կառավարման ո՞ր համակարգը աւելի արդիւնաւէտ է` նախագահակա՞ն, թէ՞ խորհրդարանական, Յովիկ Աբրահամեան յայտնեց, որ այսօրուան համակարգը շատ բնականոն կ՛աշխատի:
Ազգային ժողովի նախագահը անդրադարձաւ նաեւ այն հարցումին, որ համարկումի ո՞ր տարբերակը կը բխի Հայաստանի շահերէն` եւրոպակա՞ն, թէ՞ եւրասիական: Այս հարցը վերջին շրջանին սրութիւն ստացած է եւ շատերուն կարծիքով` անթաքոյց սպառնալիքներով Հայաստանի հասցէին հանդէս եկան ռուս դիւանագէտները` որոնց շարքին Հայաստանի մէջ Ռուսիոյ դեսպանը:
«Այս հարցերը կը քննարկուին, եւ առաջինը մեզի համար շատ կարեւոր է մեր երկրի, մեր ժողովուրդի շահը: Ատիկա սկզբնաքարը պիտի ըլլայ», պատասխանեց Ազգային ժողովի նախագահը:

