ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՀԱԿԵԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔԱՅԻՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԿՈՒ ՏԱՅ ՖՐԱՆՍԱ

Ծաղկեպսակի զետեղում` Կոմիտասի յուշարձանին առջեւ

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի աշխատակազմի տեղեկատուութեան ընդհանուր վարչութիւնը յայտնեց, որ Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան 6 մարտին աշխատանքային այցելութեամբ մեկնեցաւ Փարիզ:

Նոյն օրը նախագահ Սահակեան այցելեց Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչ Մայր տաճար եւ մասնակցեցաւ հոն տեղի ունեցած հոգեւոր արարողութեան, որմէ ետք Բակօ Սահակեան հանդիպում ունեցաւ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Ֆրանսայի թեմի առաջնորդ Նորվան արք. Զաքարեանի հետ: Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան հայրենիք-սփիւռք, ինչպէս նաեւ Արցախի ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան վերաբերեալ հարցեր:

Նախագահ Բակօ Սահակեան բարձր գնահատեց Հայ առաքելական եկեղեցւոյ դերը սփիւռքի մէջ ազգային ինքնութեան պահպանման եւ հայրենիքի հետ կապերու ամրապնդման գործին մէջ: Հանդիպումէն ետք երկրին ղեկավարը ծաղկեպսակ զետեղեց Փարիզի կեդրոնին մէջ գտնուող Կոմիտասի յուշարձանին առջեւ:

Նոյն օրը Բակօ Սահակեան հանդիպում ունեցաւ նաեւ «Սատար Ղարաբաղի» միութեան վարչական անդամներուն հետ եւ քննարկեց կազմակերպութեան հետ համագործակցութեան առնչուող հարցեր: Նախագահը Արցախի վերակառուցման աշխատանքին մէջ կարեւոր նկատեց սփիւռքահայ տարբեր կազմակերպութիւններու աշխուժ մասնակցութիւնը, ինչպէս նաեւ պահանջուած` ներհայկական կապերու ամրապնդման տեսանկիւնէն:

Հանդիպումներուն ներկայ էին Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեան, Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Վիգէն Չիթեչեան, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Նարինէ Աղապալեան, Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան ընդհանուր վարչութեան պետ Դաւիթ Պապայեան, Ֆրանսայի մէջ Լեռնային Ղարաբաղի մնայուն ներկայացուցիչ Յովհաննէս Գէորգեան եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ:

Share this Article
CATEGORIES
TAGS