«Տի Իքոնոմիսթ» Թերթին Կարծիքը. «Հակառակ Իր Կրած Պարտութիւններուն` Էրտողան Դեռ Ուժեղ Է»

«ՆՈՐ ՄԱՐՄԱՐԱ»

Արտաքին աշխարհը օրերէ ի վեր դարձեալ իր ուշադրութեան կիզակէտը դարձուցած է Թուրքիոյ վարչապետ Էրտողանին քաղաքականութիւնը: Էրտողան շատ մեծ փոթորիկ յառաջացուց, երբ պնդեց, թէ Եգիպտոսի մէջ պատահած յեղափոխութեան ետին Իսրայէլը կար: Այսքանը կը բաւէր, որպէսզի հեղինակաւոր լրագրողներ մինչեւ իսկ նախատական արտայայտութիւններ ունենային Էրտողանի հասցէին:

Անգլիական «Տի Իքոնոմիսթ» թերթն ալ իր մասնակցութիւնը բերաւ Էրտողանը վերլուծողներու կարաւանին: Թերթին կարծիքն այն է, որ Էրտողան բազմաթիւ պարտութիւններ կրեց, այնուհանդերձ, տակաւին կը պահէ իր ուժը: Էրտողանին գլխաւոր բախտաւորութիւնն այն է, որ երկրին մէջ ընդդիմադիր կուսակցութիւնները յաջող չեն իրենց առաքելութեան մէջ: Ասիկա դիւրացուցած է Էրտողանին գործը: Թերթը կ՛ընէ հետեւեալ խորհրդածութիւնները.

«Երբ Էրտողան երրորդ անգամ իշխանութեան գլուխ եկաւ 2011 թուականին, ըսաւ որ այս շրջանը պիտի ըլլայ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան (Ա.Բ.Կ.) վարպետութեան շրջանը: Էրտողանի երազներէն մէկն ալ օր մը հանրապետութեան նախագահ դառնալ էր: Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան (Ա. Բ. Կ.) այս կերպով իշխանութեան գլուխ պիտի մնար մինչեւ 2023 թուականը:

Երկրին մէջ կայացած վերջին ցոյցերէն ետք Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան (Ա.Բ.Կ.) կուսակցութեան նկատմամբ ժողովուրդին զօրակցութիւնը իջաւ 90 տոկոսէն աւելի վար: Էրտողան անպաշտպան մնացած ըլլալ կը թուէր: Վախցած ալ էր, արգիլեց մինչեւ իսկ ֆութպոլի հանդիպումներու ընթացքին արձակուած լոզունգները:

Էրտողան վերջերս ծանր ամբաստանութիւններ ըրաւ Արեւմուտքի մամուլին, կամ` լոպիներուն հասցէին, եւ այս բոլորը ստեղծեցին այն տպաւորութիւնը, թէ Էրտողան այլեւս կարողութիւնը չունէր իշխանութեան գլուխ մնալու: Երբ վերջապէս Եգիպտոսի նախագահ Մուրսիի դէմ յեղափոխութենէն Իսրայէլը պատասխանատու հռչակեց, Ամերիկա խստիւ քննադատեց Էրտողանը: Էրտողանին օսմանցիութեան քաղաքականութիւնը խիստ պատասխան մը առաւ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատէն, նաեւ` Սուրիոյ քիւրտերէն: Սուրիոյ քիւրտերը կը պնդեն, որ Թուրքիա կը գրգռէ որոշ խմբակներ:

Էրտողան խնդիր ունի նաեւ Ֆեթհուլլահ Կիւլենի հետ: Կ՛ըսուի, որ այս վերջինը մօտիկ ապագային իր կողմնակից զանգուածներուն պիտի յանձնարարէ, որ չքուէարկեն Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան (Ա.Բ.Կ.) ի նպաստ: Վերջին հարցախոյզերը ցոյց կու տան, որ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան (Ա.Բ.Կ.) վայելած զօրակցութիւնը հարիւրին 50-ի շուրջ էր: Էրտողանի տեսակէտները դուրսը դժգոհութիւն ստեղծած են, բայց ներսը Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան (Ա.Բ.Կ.) պահպանողական խարիսխը շարժման անցած է: Երկրին տնտեսութիւնն ալ մտահոգիչ է, պիւտճէի բացը ներքին հասոյթին 6 տոկոսէն աւելի բարձր է: Հակառակ ատոր` Էրտողան կը հաւատայ, որ Թուրքիա շուտով պիտի մտնէ աշխարհի ամէնէն ուժեղ տնտեսութիւնը ունեցող տասը երկիրներու ցանկին մէջ:

Մօտ օրէն քիւրտերու հետ հաշտութեան ծրարը պիտի հրապարակուի. այս ծրարին մէջ կան Հէյպելիի դպրեվանքը բանալու հարցը, ալեւիներու աղօթատեղիներուն պետութեան ձեռքով օգնելու հարցը: Ասոնք կրնան նոր թափ մը տալ Եւրոմութեան հետ բանակցութեան գործընթացին, որ երկար ատենէ ի վեր առկախուած է:

Թերթը կը յիշեցնէ, որ Էրտողանին բախտաւորութիւնն այն է, որ երկրին մէջ ուժեղ ընդդիմութիւնը վկայ Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութիւնը (Ճէ. Հէ-Փէ) մխրճուած է այն կռիւին մէջ, որ կը շարունակուի քեմալականներու ու յեղաշրջումի կողմնակիցներուն միջեւ: Քաղաքագէտ մը ցաւ յայտնեց, որ իր կուսակցութիւնը չկրցաւ օգտուիլ այն ցոյցերէն, որոնք վերջերս կատարուեցան Էրտողանի դէմ: Թերթը կը նշէ, որ Էրտողանի բացարձակ տիրապետութեան շրջանը աւարտած է, բայց տակաւին բաւական ուժեղ է ան:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )