Խաչատուր Վրդ. Կեսարացի Հիմնադիր Ն. Ջ. Սբ. Ամենափրկիչ Վանքի Տպարանի Եւ Այդ Առիթով Խորհրդածութիւններ
ԿՈՐԻՒՆ ԱՐՔ. ՊԱՊԵԱՆ
2.- Յիշատակարան «Հարանց Վարք»-ի
Այս գիրքին տպագրութիւնը աւարտած է 1641-ին, այսինքն` «Սաղմոս Ի Դաւիթ»-էն երկու կամ երեք տարի ետք: Սա երկրորդ գիրքն է` լոյս տեսած Ջուղայի տպարանէն, որ իր ծաւալով, ինչպէս Լ. Մինասեանը մատնանշած է, «գերազանցում է Խաչատուր Կեսարացու կողմից տպագրուած միւս գրքերին… իր տեսակի մէջ մի կոթողական գործ է, նորահիմն մի տպարանի համար» (անդ, էջ 22):
Գիրքը կը բովանդակէ եկեղեցական հայրերու եւ ճգնաւորներու կենսագրութիւնները, բարոյական խրատներ` մեղքերէ եւ մոլութիւններէ հեռու մնալու, առ ի փրկութիւն հոգիներու:
Անոր յիշատակարանէն կ՛իմանանք, որ գիրքը տպագրուած է` «ի քաղաքն Շօշ, որ է Սպահան. զյանապատն Նոր Ջուղայոյ: Ի թագաւորութեան պարսից Շահ Սէֆոյն եւ ի հայրապետութեան Սուրբ Էջմիածնայ Տէր Փիլիպպոսի. յիշխանութեան գիւղաքաղաքիս Ջուղայոյ իշխանաշուք Պարոն Խոջայ Սարֆռազին իմաստնոյ եւ բարեպաշտի: Ձեռամբ նուաստ Խաչատուր Վարդապետի Կեսարացւոյ, որ բազում աշխատութեամբ հանդերձ միաբան ուխտիւս հազիւ կարացաք այսչափս ի յայտ բերել»:
Յաջորդող տողերու մէջ դարձեալ կը կրկնէ, որ ամբողջութեամբ իրենց հնարքներով եւ յարատեւ ճիգերով է, որ գլուխ հանած են այս գործը, «Զի ոչ ուսաք յումեքէ. եւ ոչ տեսեալ ի վարպետէ. այլ ի տեսչութենէ [Ս.] Հոգւոյն եւ աղօթիւք հոգեւոր հօրն մերոյ Մովսէս Կաթողիոսի փոխեցելոյ ի Տէր»:
Յիշատակարանի շարունակութեան մէջ կը հանդիպինք նոր անուններու, որոնք անմիջապէս մասնակից դարձած են եւ օժանդակած այս պատկառելի հատորի լոյս ընծայման: Մինչ «Սաղմոս Ի Դաւիթ»-ի պարագային, Խաչատուր վարդապետէն բացի, յիշուած են միայն չորս անուններ` վարպետ Յակոբճանն ու տէր Յովհաննէս քահանան, տէր Միքայէլն ու Յովսէփը, այստեղ ունինք թիւով 16 անուններ: Հետաքրքրական է, որ վարպետ Յակոբճանը չէ յիշատակուած, իսկ Տէր Յովհաննէս քահանային փոխարէն` յիշուած են երկու Յովհաննէսներ` զՏէր Յովհաննէսն եւ զմեծ Յովհաննէսը:
«Յիշեսջիք»ի ցանկը կը գլխաւորեն «զհոգեւոր որդեակքն իմ զՏէր Սիմէոն Վարդապետն եւ զՏէր Դաւիթ վարդապետն», որոնց` շնորհիւն Աստուծոյ, վարդապետական գաւազանի իշխանութիւն շնորհեցինք, կ՛ըսէ Խաչատուր վարդապետ եւ կը շարունակէ անուններու յիշատակումը. «զպատուական ծերունի Տէր Մկրտիչն. նա եւ զաշակերտակից սոցին, զՏէր Պաղտասարն, զՏէր Սահակն, զՏէր Յովհաննէսն, զՏէր Նիկողայոսն, զՏէր Միքայէլն, զՏէր Աւետիսն, զՅովսէփն եւ զմեծ Յովհաննէսն եւ այլ եւս բազումք մեծամեծք եւ փոքունկ, զոր ձանձրութիւն է յիշելն»:
Ասոնք բոլորն ալ օգնեցին, կ՛ըսէ, մէկը թուղթի պատրաստութեամբ, ուրիշ մը գիրքը կազմելով, մէկ ուրիշը շարուած գրութիւնը սրբագրելով եւ «այլք այլ իմն գործս»: Ինչ կը վերաբերի թուղթին, այն եւս «ի տանէ եմք շինեալ», այսինքն մեր տան մէջ շինեցինք, եւ որովհետեւ թուղթի պատրաստութեան համար անհրաժեշտ նիւթի լաւագոյն տեսակը չկրցանք գտնել, առ այժմ բաւարարուեցանք այս եղածով, յուսալով, որ ապագային աւելի լաւը կարենանք պատրաստել: Այս եւ այլ պակասութիւններու համար ներողամիտ եղէք. «անմեղադիր լերուք»:
Դուք, որ կարդալով կամ ընդօրինակելով պիտի օգտուիք այս գիրքէն, կ՛ըսէ յիշատակարանի հեղինակը` Խաչատուր վարդապետ, նաեւ յիշեցէք ձեր մաքրափայլ եւ լուսաճաճանչ աղօթքներուն մէջ իմ փոքրագոյն աշակերտներս` տէր Յակոբը, Մարգարէն, Հայրապետը, Անտոնն ու Սարգիսը, որոնք «բազում ջանիւք եւ աշխատութեամբ» օգտակար եղան այս գիրքի տպագրութեան:
Այս գիրքի լոյս ընծայման դժուարին աշխատանքին իրենց մասնակցութիւնը բերած մեծ թիւով հոգեւորականներու եւ աշխարհականներու անուններուն ծանօթանալէ բացի, մենք կը տեղեկանանք, որ ոչ թէ միայն ամբողջ տպագրական մեքենան` իր մամուլով ու տառերով, կաղապարներով ու զարդերով շինած են այս խումբ մը վանականները, այլ գիրքի թուղթը եւս պատրաստուած է Ս. Ամենափրկիչ վանքին մէջ:
Հետագային, 1642-ին, երբ լոյս պիտի տեսնէր ատեանի մեծ ժամագիրքը, անոր կարճ յիշատակարաններէն մէկուն մէջ պիտի երեւար անունը վերոյիշեալ Սարգիսին, որ միաժամանակ թէ՛ թուղթը եւ թէ՛ տպագրութեան ներկը` մելանը, պատրաստող վարպետը եղած է:
3.- Յիշատակարան «Խորհրդատետր»-ի
Նոր Ջուղայի տպարանէն լոյս տեսած չորս գիրքերէն միակն է «Խորհրդատետր»-ը, որ ամէնէն կարճ յիշատակարանը ունի, այն ալ խտացուած` վերջին էջի վերջին չորս տողերու մէջ ըստ հետեւեալի.
«Ո՜վ սուրբ պատարագօղ յիշեա զԽաչատուր Վարդապետս եւ զմայր իմ թւին ՌՂ (1641) կազմեց»: Յուզիչ է կատարուած խնդրանքը պատարագիչէն, որ այս պատարագամատոյցը պիտի գործածէ` «յիշեա… զմայր իմ»: Ուրեմն այս գիրքին տպագրութեան ժամանակ 51 տարեկան եղող Խաչատուր վարդապետին մայրը արդեօք արդէն մեռա՞ծ էր, իսկ հօր եւ ընտանիքի միւս անդամներուն մասին որեւէ ծանօթութիւն չունինք:
Այս գիրքը կը բաղկանայ 48 էջերէ. որպէս նորութիւն` այստեղ սեւին կողքին գործածուած է նաեւ կարմիր թանաք, քանի մը վերնագիրներու եւ գլխագիրներու պարագային, որը կարելի է յառաջդիմութիւն համարել:
Անթիլիաս
(Շար.10)