Խաչատուր Վրդ. Կեսարացի Հիմնադիր Ն. Ջ. Սբ. Ամենափրկիչ Վանքի Տպարանի Եւ Այդ Առիթով Խորհրդածութիւններ
ԿՈՐԻՒՆ ԱՐՔ. ՊԱՊԵԱՆ
4.- Յիշատակարաններ «Ժամագիրք Ատենի»-ի
Նոր Ջուղայի տպարանէն լոյս տեսած չորրորդ գիրքն է «Ժամագիրք ատենի»-ն կամ իր իսկական խորագրով «Սաղմոսացն Դաւթի եւ կարգաւորութիւն հասարակաց աղօթից Եկեղեցեայց Հայաստանեաց»-ը, որուն տպագրութիւնը աւարտած է 1642-ին: Այս գիրքը բաղկացած է շուրջ 700 էջերէ, ուր կարելի է տեսնել, երկու գլխաւոր յիշատակարաններէ բացի, քանի մը այլ աւելի համառօտ յիշատակարաններ: Անոնցմէ մէկը իր բովանդակութեան կարեւորութեան համար կը մէջբերենք այստեղ:
«Ով վայելող սուրբ մատենիս
Մաղթեմ յիշել զեղկելիս,
Ազարիայ շարօղ տառիս,
Դաւթի սրբոյ երգարանիս:
Նաեւ յիշել մաղթեմ ընդ իս եւ զՍարգիսն
Ոմն շինօղ թղթի եւ մրիս,
Միւսն գիճուցօղ եւ տպօղ քարտիս*:
Այս յիշատակարանէն կը տեղեկանանք, որ Ազարիան գրաշարն է, իսկ Սարգիսը, ինչպէս արդէն յիշեցինք, թուղթն ու մելանը պատրաստողը:
Այս գիրքը կը բաղկանայ երեք մասերէ. առաջինը «Սաղմոսարան»-ն է, երկրորդը` «Ժամագիրք»-ը, իսկ վերջին բաժնին մէջ տպուած է «Տօնացոյց»-ը:
Գիրքին երկու երկար յիշատակարաններուն հեղինակը այս անգամ Խաչատուր վարդապետը չէ, այլ` Սիմէոն վարդապետը, որ նախ կ՛արձանագրէ թուականն ու վայրը գիրքի տպագրութեան: 1642, արքայանիստ քաղաք` Սպահան, «ընդ հովանեաւ Սուրբ Ամենափրկչի վանիցս, որ է մենաստան կուսակրօնից բանասիրաց, ի թագաւորութեան պարսից Շահ Սաֆուն»: Օրուան կաթողիկոսն է «երիցս երանեալ երջանիկ հայրապետ» տէր Փիլիպպոսը: Գիրքին սրբագրութիւնը գլխաւորաբար կատարած է նոյն այս Սիմէոն վարդապետը:
Այնուհետեւ ան կը վկայէ Նոր Ջուղայի Ս. Ամենափրկիչ վանքին մէջ տպագրուած գիրքերու կապակցութեամբ Խաչատուր վարդապետին ունեցած երախտարժան դերակատարութեան մասին:
«Ի վերատեսչութեան նահանգիս ընդհանուր Պարսկաստանի հեզահոգի արհի եպիսկոպոսի (արքեպիսկոպոսի) եւ շնորհազարդ վարդապետիս, Տեառն Խաչատրի, որ է բնիկ ազգաւ ի Կեսարիա քաղաքէն, որոյ ջանիւք եւ աշխատութեամբն եղեւ տպագրութիւնս այս ի մէջ տոհմիս հայկազեան: Քանզի այս ամէներջանիկ վարդապետս Խաչատուր օր ըստ օրէ տեսանէր զտպագրութիւնս ի մէջ ազգացն լատինացւոց ցանկայր միշտ որպիսի լիցի ի մէջ Հայաստանեաց եւս: Եւ յարաժամ խնդրէր հնարս գիւտ արուեստիս այսորիկ եւ իբրեւ ոչ գտաւ ուստեք առ ի լնուլ զփափաք ցանկութեան իւրոյ, ապաւինեալ այնուհետեւ ի հոգին սուրբ որ բաշխէ զշնորհս իւր առատապէս որք յուսանին սակաւ աշխատիլ իւրով միաբան ուխտիւն մինչ զի կատար էհան զտպագրութիւնս եւ սփռեալ տարածեաց զգիրս ի մէջ հայաստանեայցս, որ եւ ժամագիրքս զայս աշխատասէր կամօք ջանացեալ յաւարտ էհան ձեռամբ իւրով, եւ որ մաղթեմ վայելողացն եւ պատահողացդ զի խնդրեսջիք ի Քրիստոսէ սմա երկարակեաց խաղաղութեամբ առողջ կեանք»:
Այս գովասանական գեղեցիկ արտայայտութիւններուն մէջ պէտք է ընդգծել հետեւեալ պարագան: Խաչատուր վարդապետ շարունակաբար տեսնելով «ի մէջ ազգացն լատինացւոց», այսինքն եւրոպացի կաթոլիկ ազգերու մէջ տպագրութեան բարիքները, միշտ կը ցանկար նոյնը իրականացած տեսնել հայոց մէջ: Ուստի յարաժամ կը փնտռէր հնար մը` տպագրութեան գիւտին ծանօթանալու. իսկ երբ այդ գիտութիւնը չկրցաւ ձեռք բերել, ապաւինեցաւ Սուրբ Հոգիին եւ անոր շնորհիւ յաջողեցաւ գիրքեր տպել եւ զանոնք տարածել հայոց մէջ: Ահա այս ժամագիրքի տպագրութիւնն ալ, իր աշխատասիրութեամբ եւ կամքով, իր աւարտին հասցուց:
Նոյն յիշատակարանի շարունակութեան մէջ այս անգամ Սիմէոն վարդապետն է, որ ընթերցողին ներողամտութիւնը կը հայցէ տպագրութեան թերութեանց համար, որովհետեւ Խաչատուր վարդապետ ոեւէ վարպետէ չէ սորված տպագրութեան արուեստը, կ՛ըսէ, այլ ինչ որ Սուրբ Հոգին անոր պարգեւեց, իր հանճարովը կրցաւ այսքանը լոյս ընծայել «վասն օգտի բազմաց»:
Մնացեալ բաժնին մէջ դարձեալ աղօթքի խնդրանք կը կատարուի, այս անգամ` Խաչատուր վարդապետի աշակերտներուն համար, որոնք են` տէր Սիմէոնը` քաջ եւ արի աստուածաբան վարդապետը, որ իմաստութեան աղբիւր է, հեզահոգի եւ ճգնասէր տէր Դաւիթը, ծերունի տէր Մկրտիչը, տէր Բաղտասար վարդապետը եւ «զՅովհաննէս վարդապետն, որ գնացեալ շրջի յաշխարհին լատինացւոց, որպէսզի ուսեալ ի նոցանէ եւ եկեալ ուղղեսցէ եւ հաստատեսցէ զատ** ի մէջ հայաստանեաց»:
Տէր Սիմոնը, տէր Դաւիթը, տէր Մկրտիչը, տէր Բաղտասարը արդէն ծանօթ են մեզի. ինչ կը վերաբերի Յովհաննէս վարդապետին «որ գնացեալ շրջի յաշխարհին լատինացւոց», այս ուսումնասիրութիւնը շատ աւելի չերկարելու համար, ինչպէս արդէն յայտնեցինք, անոր մասին ապագային պիտի գրենք առանձին յօդուած մը:
«Ատենի Ժամագիրք»-ի երկրորդ երկար յիշատակարանին մէջ ձեր աղօթքներուն մէջ յիշեցէք կ՛ըսէ այս տպագրութեան համար «զաշխատողսն զտէր Յակոբն, զՄարգարէն, զԲաղտասարն, զՍարգիսն եւ զԱզարեան: Ընդ նոսին եւ նուաստ Սիմէօնս, որ սակաւ ինչ աշխատեցայ ի վերայ սրբագրութեան սորա»:
Սիմէոն վարդապետ իր կատարած կարեւոր ներդրումը անշուշտ համեստօրէն ներկայացուցած է այստեղ` ըսելով, որ` «սակաւիկ ինչ աշխատեցայ ի վերայ սրբագրութեան սորա»: Իրականութեան մէջ «Սաղմոսարան»-ին եւ «Ժամագիրք»-ին մէկ մասը, իսկ «Տօնացոյց»-ը ամբողջութեամբ ինք սրբագրած է, ինչպէս կը կարդանք նոյն գիրքի առաջին երկար յիշատակարանին մէջ:
Անթիլիաս
(Շար. 11)
* Պահած ենք բնագիրը նոյնութեամբ, իր ուղղագրական սխալներով:
** Լ. Մինասեան կ՛առաջարկէ զատ բառը հասկնալ որպէս տպարան (տեսնել անդ, էջ 37):
10 Մայիս 2013
Անթիլիաս

