Սահմանադրական Բարեփոխումներու Յանձնախումբը Ստեղծուեցաւ

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ հրամանագիր մը ստորագրեց նախագահին առընթեր սահմանադրական բարեփոխումներու մասնագիտական յանձնախումբ ստեղծելու մասին` «մեկնելով իրաւունքի գերակայութեան սկզբունքի գործադրութեան, մարդկային հիմնական իրաւունքներու եւ ազատութիւններու երաշխաւորման սահմանադրական կառուցակարգերը կատարելագործելու, իշխանութիւններուն լիարժէք հաւասարակշռումը ապահովելու եւ հանրային կառավարման արդիւնաւէտութիւնը բարձրացնելու անհրաժեշտութենէն եւ ղեկավարուելով Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրութեան 55-րդ յօդուածին 6-րդ կէտով»:

Այս հրամանագիրով հաստատուած է յանձնախումբին անհատական կազմը, գործունէութեան կարգը:

Յանձնախումբը պիտի ղեկավարէ Սահմանադրական դատարանի նախագահ Գագիկ Յարութիւնեան:

Յանձնախումբը մինչեւ 20 ապրիլ 2014 նախագահին պիտի ներկայացնէ սահմանադրական բարեփոխումներու հայեցակարգը, որուն նախագահին կողմէ հաւանութիւն տրուելէն ետք` տասը ամսուան ընթացքին, նախագահին պիտի ներկայացնէ իր կողմէ մշակուած սահմանադրական բարեփոխումներու նախագիծը:

Սահմանադրական բարեփոխումներու մասնագիտական յանձնախումբի քարտուղար նշանակուեցաւ Հայաստանի նախագահի խորհրդական Սիրանուշ Սահակեան:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )