Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Ձեր գործունէութեան մէջ պիտի ըլլաք կազմակերպող, ինչ որ աւելի ազդեցիկ կը դարձնէ ձեզ:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ընտանեկան կեանքը համերաշխ է: Միասնաբար պտոյտի ելէք ձեր նախասիրած մէկ վայրը:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Ձեզի մօտիկ անձ մը պատրաստ է ձեզի օգնելու նիւթապէս ժամանակի ընթացքին կրնաք վերադարձնել գումարը:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Օգտուեցէք շաբաթավերջի օրերէն: Պտոյտի գացէք դէպի բնութիւն, որ պիտի օգնէ ձեր առողջութեան:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Եռանդուն պիտի ըլլաք, պիտի տաք ձեր լաւագոյնը: Օրը պիտի ընթանայ յաջող:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Օրն է եւ ժամանակը` պաշտպանելու ձեր իրաւունքը: Առանց դժուարութեան` ձեռք պիտի ձգէք ձեր ուզածը:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Կեդրոնացէք եւ ապաւինեցէք ձեր ներքին զօրութեան: Կրնաք իրագործել ձեր որոշումները:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Բազմաթիւ են անոնք, որոնք կը սպասեն ձեր բարեկամական խնճոյքին: Ընդառաջեցէք:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Շաբթուան վերջը ծանրաբեռնուած պիտի ըլլաք: Շատ մի՛ խօսիք: Զուսպ եղէք:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Մշակութային փոփոխութիւններ պիտի ունենաք: Անոնք պիտի պատշաճին ձեր խառնուածքին:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Լաւատես եղէք, օգտուեցէք ստեղծուած առիթներէն: Գոհ պիտի մնաք:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Բանակցութիւններու ընթացքին տեղի մի՛ տաք: Մտածեցէք ձեր շահերուն մասին: Ուշադիր եղէք: