ՀԸՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՍՈՒՐԻՈՅ ԴԵՍՊԱՆԸ

Սուրիոյ դեսպանը եւ Հըս

Նախկին վարչապետ Սելիմ Հըս երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալին, որուն հետ քննարկեց տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւնները, յատկապէս` Սուրիոյ զարգացումները:

Հանդիպումէն ետք Ալի յայտնեց, որ Սուրիա լաւ վիճակի մէջ կը գտնուի` աւելցնելով, որ անիկա մօտիկ ապագային պիտի շրջանցէ իր դիմագրաւած տագնապը, որովհետեւ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի ձեռնարկած ներքին երկխօսութիւնը բաւական արդիւնաւէտ է եւ կ՛ամրապնդէ Սուրիոյ ներքին կացութիւնը:

Հակազդելով այն դիտարկումին, թէ նախագահ Ասատի օրինականութիւնը կարգ մը միջազգային անձնաւորութիւններու կողմէ կասկածի տակ առնուած է, Ալի ըսաւ, որ այդ կեցուածքները նախկին ոխերու եւ ատելութեանց հետեւանքներ են:

 

Share this Article
CATEGORIES