Իրանի Դեսպանը Արամ Ա. Կաթողիկոսին Կը Պարզէ Իր Երկրին Կեցուածքը Սուրիոյ Գծով
Երէկ առաւօտ Արամ Ա. կաթողիկոս Պիքֆայայի վանքին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատին: Դեսպանին կ՛ընկերանար դեսպանատան քաղաքական բաժանմունքի պատասխանատուն: Այցելութեան նպատակն էր վեհափառ հայրապետին պարզել ընդհանրապէս Սուրիոյ տագնապին եւ յատկապէս վերջին օրերուն արագ զարգացում ստացած ամերիկեան զինուորական միջամտութեան գծով Իրանի տեսակէտը:
Շուրջ ժամ մը տեւած հանդիպման ընթացքին դեսպանը ընդհանուր ակնարկ մը նետեց Իրանի որդեգրած կեցուածքի զանազան փուլերուն ու ծալքերուն: Ան ըսաւ, որ օրին Սուրիոյ հարցին քաղաքական լուծում տալու իրենց յանձնառութիւնը փոխանցած էին արեւմտեան երկիրներուն: Ան նաեւ յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ զինուորական միջամտութիւնը ամբողջ Միջին Արեւելքը կրնայ վտանգաւոր ու աննախատեսելի կացութիւններու դիմաց դնել: Ապա դեսպանը խնդրեց վեհափառ հայրապետէն, որ արեւմտեան եկեղեցիներուն հետ իր ունեցած կապերուն ճամբով շեշտէ շրջանը զինուորական բախումներէ հեռու պահելու անհրաժեշտութիւնը:
Վեհափառ հայրապետը եւս իր կարգին ընդգծեց Սուրիոյ ներքին տագնապին քաղաքական լուծում տալու հրամայականը` մասնակցութեամբ բոլոր կողմերուն, ինչպէս նաեւ քրիստոնեայ համայնքներուն: Այս առիթով վեհափառը նաեւ իր խոր մտահոգութիւնը յայտնեց յատկապէս Հալէպի գծով: Ան ըսաւ, որ փաստօրէն քրիստոնեայ համայնքները հակադիր կողմերու միջեւ կը գտնուին, քաղաքը պաշարուած է եւ ժողովուրդը իր առօրեայ կարիքներուն կապուած լուրջ դժուարութիւններու դիմաց է: «Հետեւաբար, անհրաժեշտ է առաջնահերթ կարեւորութիւն ընծայել Հալէպին` բախումներէ հեռու պահելով ժողովուրդը», շեշտեց վեհափառ հայրապետը: