ՍԱՅՏԱՅԻ ՄԷՋ ՍՊԱՆՆՈՒԱԾ ՉՈՐՍ ԴԱՏԱԽԱԶՆԵՐՈՒՆ ՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 12-ՐԴ ՏԱՐԵԼԻՑԻ ՆՇՈՒՄ

Ոգեկոչման ձեռնարկին ներկաները

Լիբանանի դատական իշխանութիւններուն կազմակերպութեամբ` Սայտայի Արդարութեան պալատին մէջ նշուեցաւ 1999-ին նոյն վայրին մէջ անարգ սպանութեան ենթարկուած լիբանանցի չորս դատախազներուն 12-րդ տարելիցը, որուն ներկայ գտնուեցան արդարութեան նախարար Իպրահիմ Նաժժար, ընդհանուր դատախազ Սայիտ Միրզայի ներկայացուցիչ Օմար Նաթուր, Պէյրութի իրաւաբաններու սենտիքայի նախագահ Ամալ Հատտատ եւ մեծ թիւով դատաւորներ, իրաւաբաններ եւ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ:

Չորս դատախազներու յիշատակի ոգեկոչման առիթով նախարար Նաժժար ծաղկեպսակ մը զետեղեց անոնց յիշատակին նուիրուած յուշարձանին:

Իր արտասանած խօսքին մէջ Նաժժար շեշտեց, որ ամօթ է 11 տարի ետք տակաւին չգիտնալ, որ դատախազները սպաննած ոճրագործներուն ճակատագիրը ի՛նչ եղած է: «Ժամանակն է, որ Լիբանանը վերածուի պետութեան մը, ուր կը գործեն հզօր հաստատութիւններ», շեշտեց Նաժժար:

Իր կարգին, Ամալ Հատտատ ցաւակցութիւն յայտնեց սպաննուած դատախազներուն ընտանիքներուն եւ հարց տուաւ, թէ մինչեւ ե՞րբ լուռ եւ վախով պիտի շարունակուի խօսիլ այս թղթածրարին մասին` ընդգծելով միաժամանակ, որ ժամանակն է այլեւս դատավարութեան սկսելու եւ վճիռներ արձակելու յանցագործներուն դէմ:

Share this Article
CATEGORIES