Վերջին Հրաժեշտ` Լեւոն Անանեանին

Երեւանէն, Հայաստանի մարզերէն եւ սփիւռքէն գրողներ ու մտաւորականներ, հասարակական-քաղաքական գործիչներ երէկ հաւաքուած էին Հայաստանի գրողներու միութեան կեդրոնատեղիին մէջ` վերջին հրաժեշտը տալու Հայաստանի մշակոյթի վաստակաւոր գործիչ, Հայաստանի գրողներու միութեան նախագահ Լեւոն Անանեանին:

Հոգեհանգստեան կարգէն ետք ներկաները Անանեանը դէպի յաւերժութիւն ճանապարհեցին ծափահարութիւններով: Լեւոն Անանեանի յուղարկաւորութիւնը կատարուեցաւ Երեւանի քաղաքային գերեզմանատան պանթէոնին մէջ: Յուղարկաւորութեան կը մասնակցէր նաեւ Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեան:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )