ՄԻՔԱԹԻ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՏԻ ՄԻՔԵԼԻՍԸ

Միքելիս եւ վարչապետ Միքաթի

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ Վերտանի մէջ ընդունեց Իտալիոյ արտաքին գործոց նախկին նախարար Ճիաննի տի Միքելիսը` ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Իտալիոյ դեսպան Ճիուզեփէ Մորապեթոյի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի եւ Իտալիոյ միջեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ Միջին Արեւելքի մէջ տիրող կացութիւնը:

ԺՈՄՊԼԱԹԻ ՄՕՏ

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ իր կարգին ընդունեց տի Միքելիսը, որուն հետ քննարկեց տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

Share this Article
CATEGORIES