Լիբանանի 36-րդ Միջազգային Ռելի. Մեծ Թիւով Հանդիսատեսներու Ներկայութեան` Բացման Առաջին Հանգրուանի Մրցումը Կատարուեցաւ
Երէկ` հինգշաբթի, 5 սեպտեմբերին, տեղի ունեցաւ Լիբանանի 36-րդ միջազգային ռելիին բացման առաջին հանգրուանի մրցումը` մեծ թիւով հանդիսատեսներու ներկայութեան, կեդրոնական Պէյրութի մօտակայքը գտնուող «Ուոթըր-Ֆրոնթ» շրջանին մէջ:
«Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ի հովանաւորութեամբ տեղի ունեցող այս ռելիին, որ կ՛իյնայ Միջին Արեւելքի ախոյեանութեան 4-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, կ՛ակնկալուի, որ պայքարը ըլլայ բաւական սուր օտար եւ տեղացի վարորդներուն միջեւ, մանաւանդ, որ անոնք բոլորն ալ կը ձգտին տիրանալ անոր եւ փորձել վերջ մը դնել Ռոժէ Ֆըղալիի տիրապետութեան, որ վերջին տասը տարիներուն մի՛շտ կը տիրանայ Լիբանանի միջազգային ռելիին:
CATEGORIES Մարզական