Նախագահ Սլէյման Կոչ Կ՛ուղղէ Լիբանանը Զանց Կացուցելու Սուրիոյ Մէջ Քիմիական Զէնքի Օգտագործման Կապուած Որեւէ Քայլէ Կամ Հակազդեցութենէ

Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդի նիստէն պահ մը

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ Պաապտայի պալատին մէջ նախագահեց Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդի նիստին, որուն ընթացքին յայտնեց, որ եթէ Սուրիոյ դէմ զինուորական գործողութիւններ սանձազերծուին, Լիբանան կառչած պիտի մնայ իր սկզբունքներուն, որոնց հիման վրայ ան կը մերժէ Սուրիոյ տագնապին արտաքին միջամտութիւնը:

Նախագահ Սլէյման խստիւ դատապարտեց քիմիական զէնքի գործածութիւնը եւ կոչ ուղղեց ՄԱԿ-ին իր պատասխանատուութիւնները ստանձնելու` քիմիական զէնքը գործածողներուն ինքնութիւնը բացայայտելու եւ ճշդելու իմաստով:

Նախագահ Սլէյման արտաքին բոլոր ուժերէն պահանջեց Լիբանանը զանց կացուցել Սուրիոյ մէջ քիմիական զէնքին օգտագործման կապուած որեւէ քայլէ կամ հակազդեցութենէ:

Նիստին ընթացքին ներկայացուեցան եւ քննարկուեցան տարբեր նախարարութիւններու եւ ապահովական կառոյցներու կողմէ որդեգրուած միջոցառումներն ու մշակուած ծրագիրները` պահպանելու համար երկրին ապահովութիւնը:

Նիստէն ետք խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար հազարապետ-զօրավար Մոհամետ Խէյր կարդաց Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդին հաղորդագրութիւնը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ ապահովական կառոյցներուն կողմէ մշակուած ծրագիրներուն մասին տեղեկանալէ ետք Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդը դրուատած է կատարուած աշխատանքը եւ պահանջած յաւելեալ ջանքեր ի գործ դնել` բացայայտելու համար այլ ոճիրներու եւ պայթումներու ծալքերն ու յանցագործները:

Խէյր նշեց, որ խորհուրդը քննարկած է երկրին ապահովական իրավիճակը, ինչպէս նաեւ բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն կարիքները` նկատի ունենալով զանոնք կազմ ու պատրաստ պահելու հրամայականը` Միջին Արեւելքի մէջ տիրող պայմաններուն եւ զինուորական հաւանական գործողութիւններուն պատճառով:

Խորհուրդը հաստատեց, որ ճիգ պիտի չխնայուի Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը պահպանելու եւ երկրին դէմ նախապատրաստուած սադրանքները սանձելու առումով:

Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդը քննարկեց նաեւ սուրիացի գաղթականներուն թղթածրարը, ինչպէս նաեւ լիբանանեան տեղեկատուական մարզը հակակշիռի տակ պահելու եւ երկրին մէջ կայունութիւն պահպանելու ատակ բառամթերք օգտագործելու ու համապատասխան յայտագիրներ պատրաստելու ցուցմունքները:

Խորհրդակցութիւններէն ետք խորհուրդը տուաւ համապատասխան որոշումներ եւ զանոնք գործադրելու ցուցմունքները կատարեց` իր որոշումները պահելով գաղտնի:

Միւս կողմէ, նախագահ Սլէյման ընդունեց Լիբանանի մէջ Քաթարի դեսպան Սաատ Մուհաննատին, որուն այցելութիւնը ունէր հրաժեշտի բնոյթ:

Նախագահ Սլէյման Մուհաննատը պարգեւատրեց Մայրիներու բարձրագոյն սպայի շքանշանով:

Նախագահ Սլէյման ընդունեց նաեւ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տէյվիտ Հէյլը, որ իր հաւատարմագիրը յանձնեց հանրապետութեան նախագահին:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )