Մոնտիալ-2014. Հայաստան Յաղթական` Փրակայի Մէջ
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը երէկ գիշեր Փրակայի մէջ գտնուող «Էտեն Արենա» մարզադաշտին վրայ բաւական եւ շատ կարեւոր յաղթանակ մը արձանագրեց, երբ 2-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց դաշտին տէրը` Չեխիան:
Այս յաղթանակը հայրենի կազմին համար երրորդն էր` 2014-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ:
2014-ի Մոնտիալի Զտումի
Մրցաշարք. Եւրոպայի Գօտի
Հայաստանի Ազգային Հաւաքականը Ֆութպոլի
Դաս Մը Տուաւ Չեխիոյ
Եւրոպայի գօտիին մէջ երէկ գիշեր տեղի ունեցան 2014-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքի բազմաթիւ ճակատումներ:
Անոնց կարգին եղաւ նաեւ Չեխիա – Հայաստան մրցումը, որ կ՛իյնայ Բ. խմբակին ծիրին մէջ:
Հայրենի կազմը Ա. կիսախաղին 1-0 արդիւնքով յառաջացաւ` շնորհիւ Կարլեն Մկրտչեանի նշանակած կոլին (31-րդ), որ 30 մեթրէն ուժգին եւ ռումբի նման հարուածով մը պարտութեան մատնեց անուանի եւ միշտ իր սխրանքներով ֆութպոլասէր հասարակութեան վրայ մեծ տպաւորութիւն ձգած բերդապահ Փիթըր Չեխը:
Մրցումին 70-րդ վայրկեանին Թոմաս Ռոսիքի արդիւնքը հաւասարեցուց, երբ անոր հարուածը իր ուղղութիւնը փոխելով մուտք գործեց Գէորգ Գասպարովի բերդին մէջ. վերջինս փոխարինած էր վիրաւոր Ռոման Պերեզովսքին:
Այս կոլէն ետք, չեխերը բաւական տիրապետեցին հայրենի կազմին վրայ եւ կոլ նշանակելու քանի մը ստոյգ առիթներ բարեբախտաբար կոլի չկրցան վերածել:
Սակայն, Հայաստանի կողմէ կատարուած հակայարձակումներէն մէկը մրցումին կորսուած վայրկեաններուն (92-րդ) կոլի վերածուեցաւ, երբ Եուրա Մովսիսեանի մէկ սքանչելի փոխանցումին վրայ Գէորգ Ղազարեան նշանակեց Հայաստանի յաղթանակի կոլը:
Այսպիսով, Հայաստան արձանագրեց զտումի մրցաշարքին իր երրորդ յաղթանակը եւ իր տրամադրութեան տակ ունեցաւ 9 կէտ:
Դասաւորումը որեւէ փոփոխութիւն չկրեց` նկատի ունենալով, որ Չեխիա (3-րդ) իր ունեցած կոլէվըրէյճին շնորհիւ գերազանցեց Հայաստանն (4-րդ) ու Դանիան:
Երեքշաբթի, 10 սեպտեմբերին, Հայաստան պիտի հիւրընկալէ Դանիան, որուն, երթին 4-0 արդիւնքով յաղթած էր Քոփենհակընի մէջ:


