Նանի Իր Պայմանագրութիւնը Հինգ Տարիով Երկարաձգեց Մանչեսթըր Եունայթըտի Հետ

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Մանչեսթըր Եունայթըտի մաս կազմող Նանի իր ակումբին հետ պայմանագրութիւնը 5 տարիով երկարաձգեց:

Փորթուգալցի միջազգային ֆութպոլիստ Նանի, որ Սփորթինկ Լիզպոնէն «Օլտ Թրեֆորտ» ժամանեց 2007-ին, Եունայթըտի հետ աւելի քան 200 մրցում կատարելով մեծապէս օգտակար դարձաւ, որ խումբը չորս անգամ տիրանայ Անգլիոյ ախոյեանութեան:

Նշենք, որ ան Փորթուգալի հետ կատարած է 62 մրցում` նշանակելով 13 կոլ:

Անոր ստորագրած պայմանագրութեան երկարաձգումէն ետք մարզիչ Տէյվիտ Մոյես ըսաւ, որ յառաջիկայ 5 տարիներուն եւս Նանին տեսնելով կազմին մէջ` խումբը իր յաջողութիւնները պիտի շարունակէ:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )