Աղաբեկեան Չբացառեց Ճնշումները Մաքսային Միութեան Միանալու Հարցին Մէջ

Արթուր Աղաբեկեան

Լեռնային Ղարաբաղի փոխվարչապետ Արթուր Աղաբեկեան Lragir.am-ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին չբացառեց, որ Ռուսիոյ կողմէ Հայաստանի վրայ ճնշումներ գործադրուած են Մաքսային միութեան միանալու գծով:

Աղաբեկեան յայտնեց, որ իր կարծիքով, իւրաքանչիւր երկիր իր շահերէն մեկնելով կրնայ ամէն ինչ ընել:

Անդրադառնալով այն տեսակէտին, որ հիմնական ճնշումը Հայաստանի վրայ գործադրուած է Ղարաբաղի հարցով, Աղաբեկեան ընդգծեց, որ եթէ Ռուսիա շահարկած է Արցախի անվտանգութեան հարցը եւ Արցախի անվտանգութեան հարցով երաշխիք տրամադրած է, ուրեմն ատիկա պէտք է արտայայտուած ըլլայ յստակ գործողութիւններով, որոնք պէտք է շուտով տեսանելի ըլլան:

Միաժամանակ ան նշեց, որ այսօր Հայաստան Ռուսիոյ հետ ունի ստորագրուած այնպիսի մեծ համաձայնագիրներ, որոնք հիմք կու տան, որպէսզի հայ-ռուսական համագործակցութիւնը զարգանայ ոչ միայն զինուորական, այլեւ տնտեսական մարզին մէջ:

Ինչ կը վերաբերի Ռուսիոյ կողմէ Ազրպէյճանին զէնք ծախելու հարցին, ապա Արթուր Աղաբեկեան նշեց, որ Հայաստան Եւրոպայի մէջ ունի գործընկերներ, որոնք մեծ ներդրումներ ունին Ազրպէյճանի քարիւղի մարզին մէջ:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )