Պատկան Մարմինները Ազգային Ժողով Պիտի Հրաւիրուին` Մաքսային Միութեան Մասին Պարզաբանումներ Կատարելու
Երէկ սկսաւ Հայաստանի Ազգային ժողովի հինգերորդ գումարումին չորրորդ նստաշրջանը:
Նիստի սկիզբը Ազգային ժողովի Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութիւն խմբակցութեան քարտուղար Նայիրա Զոհրաբեան հարց տուաւ, թէ Մաքսային միութեան անդամակցելու որոշումին վերաբերեալ ե՞րբ Ազգային ժողով պիտի հրաւիրուին արտաքին գործոց նախարարութեան համապատասխան պաշտօնեաները, որոնք պիտի պատասխանեն Ընկերակցութեան համաձայնագիրին եւ Մաքսային միութեան վերաբերեալ Ազգային ժողովի պատգամաւորներու շարք մը հարցումներուն:
Ազգային ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեան յայտարարեց, որ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան նախքան համաձայնութեան գալը` Մաքսային միութեան անդամակցելու վերաբերեալ հարցը քննարկած է համաձայնական կառավարութեան հետ:
Ազգային ժողովի Հայ ազգային քոնկրեսի խմբակցութեան պատգամաւոր Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ նախագահին Մոսկուա վերադառնալէն ետք մամուլը գրեց, որ Սերժ Սարգսեան հարցը քննարկած է Հանրապետական կուսակցութեան հետ, բայց «Հանրապետական կուսակցութիւն անունով պետական կառավարման մարմին գոյութիւն չունի», եւ Ազգային ժողովը պէտք է դառնայ այն օղակը, ուր պէտք է հնչեն հանրութիւնը յուզող հարցերը: Փաշինեան չհամաձայնեցաւ Ազգային ժողովի նախագահին այն յայտարարութեան հետ, որ Մաքսային միութեան անդամակցիլը կը նպաստէ Հայաստանի շահերուն, «այն պարզ պատճառով, որ Ազգային ժողովը համապատասխան տեղեկութիւն չունի»: Պատգամաւորը շեշտեց, որ հասկնալի է, թէ Սերժ Սարգսեան պիտի չյայտարարէ, որ ատիկա չի բխիր Հայաստանի շահերէն: Ազգային ժողովը այն տեղն է, ուր պէտք է հարցին շուրջ բոլոր հիմնաւորումները քննութեան ենթարկուին: Ան առաջարկեց Ազգային ժողով հրաւիրել նաեւ արտաքին գործոց նախարարը եւ Սերժ Սարգսեանը:
Ազգային ժողովի նախագահը անգամ մը եւս յայտարարեց, որ պատկան մարմինները պիտի հրաւիրեն Ազգային ժողով, եւ պարզաբանումներ պիտի տրուին: Ան նաեւ վստահեցուց, որ Մաքսային միութեան անդամակցիլը տակաւին չի նշանակեր, որ Հայաստան կը կորսնցնէ իր ինքնիշխանութիւնը, աւելի՛ն` կը փորձէ զարգացնել իր տնտեսութիւնը: