ՀՄԸՄ-ի Այնճար Մասնաճիւղի Տարեկան Բանակում
Կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի Այնճարի Սկաուտական խորհուրդի, մասնաճիւղի խմբապետի եւ խմբապետական կազմին եւ հովանաւորութեամբ մասնաճիւղի վարչութեան, տեղի ունեցաւ տարեկան բանակումը, 12-18 օգոստոս 2013-ին, Այնճարի մէջ:
Բանակումին իրենց մասնակցութիւնը բերին «Մուսա Լեռ» պարմանուհի փաղանգը, արի-արենուշ խումբերը, արծուիկ երամը, գայլիկ վոհմակը, ինչպէս նաեւ` մոկլի վոհմակը: Մասնակցողներուն ընդհանուր թիւն էր 178:
Բանակումը նպատակ ունէր մասնակցողներուն մօտ զարգացնել չարքաշութեան եւ արկածախնդրութեան ոգին:
Քոյրերն ու եղբայրները ճոխացուցին բանակումը տարբեր տեսակի աշխատանքներով, խաղերով, արշաւներով, ձեռային աշխատանքներով, ընկերային պահերով:
Պաշտօնական փակման արարողութեան եւ ապա խարուկահանդէսին, մասնաճիւղի սկաուտներուն կողքին, ներկայ էին ՀՄԸՄ-ի Շրջանային սկաուտ խորհուրդը, Շրջանային խմբապետութիւնը, մասնաճիւղին վարչութիւնը, նախկին խմբապետներ, ինչպէս նաեւ` մեծ թիւով համակիրներ: Փակման արարողութեան ընթացքին խօսք առաւ Ժանօ Փամպուքեան` մասնաճիւղին խմբապետը, բարձր գնահատելով մասնաճիւղին սկաուտները, խմբապետական կազմը, սկաուտ խորհուրդը, բարերարները եւ բոլոր անոնք, որոնք անսակարկ կերպով օգտակար դարձան բանակումի յաջողութեան:
Խարուկահանդէսի աւարտին քոյրերը եւ եղբայրները երգեցին «Ցտեսութիւն» երգը եւ խանդավառ ուրախ եւ բարձր տրամադրութեամբ բաժնուեցան իրարմէ: