Մուսթաքպալ Պլոք. «Կը Դատապարտենք Պէյրութի Մէջ Դրսեւորուող Անձնական Ապահովութեան Իրավիճակը»
Նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա երէկ նախագահեց Մուսթաքպալ երեսփոխանական պլոքի նիստին, որ տեղի ունեցաւ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի Կեդրոնական Պէյրութի բնակարանին մէջ:
Նիստին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի եւ շրջանին իրադարձութիւնները:
Նիստէն բխած հաղորդագրութեան մէջ Մուսթաքպալ պլոքը խստիւ դատապարտեց Պէյրութի մէջ դրսեւորուող անձնական ապահովութեան իրավիճակը:
Պլոքը դատապարտեց նաեւ Մաալուլայի մէջ քրիստոնեայ սրբավայրերը պղծելու արարքները` աւելցնելով սակայն, որ սուրիական վարչակարգը չի կրնար Սուրիոյ կամ Լիբանանի քրիստոնեաներուն պաշտպանը ըլլալ:
CATEGORIES Լիբանանեան