ԹԵՆԻՍ. ՔՈՒԻՆԶ ՔԼԱՊԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔ. ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ ԴՈՒՐՍ ՄՆԱՑ

Դաւիթ Նալպանտեան

Երէկ, Լոնտոնի մէջ տեղի ունեցող թենիսի Քուինզ Քլապի միջազգային բաց մրցաշարքի Գ. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, 9-րդ դասուած արժանթինահայ Դաւիթ Նալպանտեան, 7-5 եւ 6-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրելէ ետք սպանացի Ֆերնանտօ Վերտասքոյէն (7-րդ), դուրս մնաց մրցաշարքէն:

Նշենք, որ Բ. հանգրուանին իր կատարած մրցումին Նալպանտեան 6-4 եւ 6-4 արդիւնքով յաղթած էր Իլիա Պոզալժաքի (Սերպիա):

Քառորդ աւարտականի իրենց տոմսերը ապահովողներուն շարքին եղան նախկին ախոյեաններ Էնտի Միւրէյ (Անգլիա, 2-րդ) եւ Էնտի Ռոտիք (Միացեալ Նահանգներ, 3-րդ):

Share this Article
CATEGORIES