Ճատրակ. Անսար Հանդիսացաւ Ախոյեան
Նախորդ շաբաթավերջին Մար Ռուքոզ վարժարանին մէջ (Քլէյաաթ), տեղի ունեցաւ Լիբանանի ակումբներու ճատրակի ախոյեանութիւնը` մասնակցութեամբ 14 ակումբներու (ընդամէնը 24 ակումբէ): Մաշարիհ բացակայեցաւ այս ախոյեանութենէն, մինչ մնացեալ 9 ակումբները չէին արձանագրուած` պատրաստ վիճակի մէջ չըլլալու պատճառով:
Մասնակցող ակումբներն էին` ՀՄԸՄ Անթիլիաս, Անսար, Թանմիէ, Ֆրեր Ֆըրն Շըպպեք, Լիբանանեան բանակ, նախկին Խորհրդային Միութեան շրջանաւարտներ, Շուէյֆաթ, Նասեր Պար Էլիաս, Մինա Թրիփոլի, Անդրանիկ Անթիլիաս, Հըտուտ Մաժտալ Այնճար, Մար Ռուքոզ – Քլէյաաթ, Ռիատի Պէյրութ եւ Պէյրութի արաբական համալսարանի շրջանաւարտներ:
Լիբանանի Ա. դասակարգի ախոյեան Անսար այս ախոյեանութեան (Ա. եւ Բ. դասակարգի խումբեր) ալ տիրացաւ` առաւելագոյն 7 կէտէն ապահովելով նոյնքան կէտ: 2-րդ հանդիսացաւ Թանմիէ Պէյրութ, իսկ երրորդ` Ֆրեր Ֆըրն Շըպպեք:
Մրցաշարքի գլխաւոր իրաւարարն էր, Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնին ընդհանուր քարտուղար Շըհատէ Ապու Նըմրի, որ իրեն օգնական ունէր միջազգային իրաւարար Էլի Հուլիշեանը:
Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւն` ներկայութեամբ Քլէյաաթի քաղաքապետ Ժոզեֆ Ռիֆի: