Ձայն Բազմաց

ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ

Ամերիկայի ժողովուրդը իր ընդվզումի ու բողոքի ձայնը լսելի դարձուց նախագահ Օպամային: Ճարպիկ ղեկավարը, իր ուսերէն հեռացնելու համար երկիրը արիւնալի նոր հակամարտութեան մէջ մխրճելու պատասխանատուութիւնը, փորձեց ժողովրդավարութիւն խաղալ եւ Քոնկրեսին դիմեց` անոր օրհնութեամբ ու համաձայնութեամբ ձեռնարկելու Սուրիոյ դէմ պատերազմական գործողութեան:

Ժողովուրդն էր, այս անգամ, որ անակնկալ մատուցեց Օպամային ու համատարած ընդդիմութեան մթնոլորտի մէջ պարտադրեց իր ընտրեալ ներկայացուցիչներուն ու անոնց միջոցով` նախագահին, որ տագնապին լուծման ուրիշ ճանապարհ մը փնտռէ:

Եւ փնտռեց, եւ գտաւ: Խայտառակութենէ, վարկաբեկումէ փրկուելու համար ամերիկեան դիւանագիտութիւնը գտաւ ճանապարհը, գտաւ պատուաւոր ելքը` մինչեւ վերջին օրերուն անխուսափելի նկատուող պատերազմէն:

Ժողովրդավարական գործընթացի հոյակապ դրսեւորում մը եղաւ այս մէկը, որուն պատգամը յստակ է. քաղաքական ղեկավարներու անսկզբունք, պատեհապաշտ քայլերուն հանդէպ եթէ կրաւորականութիւն եւ անտարբերութիւն ցոյց տաս, ապա գինը կը վճարես զաւակներուդ արիւնով, անհեթեթ զոհաբերութիւններով ու կորուստներով: Բազմութեան ձայնը, միւս կողմէ, կրնայ խթանել ամէնէն դժկամ ուղեղները` գտնելու համար ընդունելի բանաձեւերը, ճգնաժամային կացութիւններէն դուրս գալու բանալիները:

Այս պատգամը միայն Միացեալ Նահանգներու ժողովուրդին չի վերաբերիր: Այս պատգամին պէտք է անսան ժողովրդավարութեան սքեմով ներկայացող բոլո՛ր պետութիւններու ժողովուրդները, որոնց շարքին նաեւ` մեր հայրենիքի քաղաքացիները, որոնք պէտք է հակաժողովրդական, հակաժողովրդավարական, նեխած ու փտած համակարգերու դէմ իրենց ընդդիմութեան վճռական շեշտը տալու ձեւը գտնեն, եթէ չեն ուզեր խաղալիք դառնալ իրենց կողմէ իբր թէ ընտրուած պաշտօնեաներուն ձեռքը:

Մեր ձայնը զիջելով` ամէ՛ն ինչ կորսնցնելու պատրաստ պէտք է ըլլանք…

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )