Ամերիկայի Արտաքին Քաղաքականութիւնն Ու Բարոյականութիւնը

«ՆՈՐ ՄԱՐՄԱՐԱ»

«Մըքլաչի» պարբերականի լրագրող Մայքըլ Տոյլ յօդուած մը հրապարակեց` քննարկելով ամերիկեան արտաքին քաղաքականութեան եւ բարոյականութեան առնչութիւնները` պատմական դրուագներու յիշատակութեամբ: Ըստ անոր, Ամերիկա ժամանակին օգնած է Մերձաւոր Արեւելքի բռնապետներէն մէկուն` Իրաքի նախագահ Սատտամ Հիւսէյնին` քիմիական զէնք գործածելու սեփական ժողովուրդին դէմ: Իսկ քանի որ Հիւսէյն կը կռուէր Ամերիկայի հակառակորդ Իրանի դէմ,  նախագահ Ռիկընի վարչակազմը գաղտնի տեղեկատուութիւն կը տրամադրէր Իրաքի: Միաժամանակ Իրաք Ամերիկայէն ցորեն կը գնէր, եւ ատոր համար ալ ամերիկացի քաղաքական գործիչներ ջնջեցին Իրաքի դէմ պատժամիջոցները:

Տոյլի խօսքերով, ներկայիս ալ Սուրիոյ հարցին մէջ, երբ Ամերիկա ռազմական հաւանական քայլերու կը նախապատրաստուի, հռետորաբանութեան մէջ գերակայ է բարոյականութիւնը, ինչ որ արդէն արտայայտուած է Ամերիկայի արտաքին գործոց նախարարին կողմէ. «Վիրաւորուած է մարդկայնութեան հանդէպ հիմնական զգացումը», ըսած է Ճոն Քերրի:

Մինչդեռ Տոյլ ամերիկեան արտաքին քաղաքականութեան եւ բարոյականութեան առնչութիւններու այլ օրինակ մը կը նշէ. ատիկա Հայոց ցեղասպանութեան հարցն է: «Պատմութիւնը աւելի կոպիտ դիտանկիւն մը կ՛առաջարկէ մեզի: Իրաքի, Սուրիոյ, Ռուանտայի եւ Հայաստանի հարցերու մէջ բարոյականութիւնը ամերիկեան արտաքին քաղաքականութեան մէջ աւելի յաճախ կը կիրարկուի որպէս պատահականութիւն, քան` օրինաչափութիւն», կը գրէ լրագրողը:

Անոր կարծիքով, այս պնդումին ամէնէն ակնյայտ օրինակը այն պայքարն է, որ Ամերիկայի մէջ կ՛ընթանայ Հայոց ցեղասպանութեան բանաձեւերու շուրջ: «Նախագահութեան թեկնածուները ամերիկահայ համայնքին կը խոստանան, որ պաշտօնապէս պիտի ճանչնան 1915-1923 հայերու կոտորածները` որպէս ցեղասպանութիւն», կը նշէ Տոյլ: Ան նաեւ կը յիշեցնէ, որ երբ Պարաք Օպամա տակաւին նախագահական թեկնածու էր, իր արտաքին քաղաքականութեան հարցերով խորհրդական Սամանթա Փաուըր ապագայ նախագահին անունով վստահեցուցած էր, որ` «Օպամա կը ճանչնայ պատմութիւնը եւ որպէս նախագահ` նաեւ քաղաքական կամք պիտի ունենայ այդ մասին յիշատակելու համար: Ան հայ ժողովուրդին իրական բարեկամն է»:

Սակայն ընտրուելէ ետք Օպամա հետեւեցաւ ռազմական ու դիւանագիտական ոլորտներու իր խորհրդատուներուն, որոնք չէին ուզեր կորսնցնել Ամերիկայի կարեւոր դաշնակիցներէն մէկը` Թուրքիան: Ընտրուելէ ետք Օպամա հրաժարեցաւ գործածել «ցեղասպանութիւն» բառը 24 ապրիլի իր ուղերձներուն մէջ:

Ամերիկացի լրագրողը արտաքին քաղաքականութեան նմանօրինակ «հետեւողական» մօտեցումներու մասին կը ներկայացնէ այլ օրինակներ եւս: Մասնաւորաբար կը շեշտուին նաեւ Իրաքի,  Ռուանտայի եւ այժմ արդէն Սուրիոյ յայտնի դէպքերն ու ներխուժումները:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )