ԸՆԿԵՐԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ ՀԱՅՐԵՆԻ ԺՈՂՈՎՐԴԱՅԻՆ ԳՈՐԾԻՔՆԵՐՈՒ ՆՈՒԱԳԱԽՈՒՄԲԻՆ. «ՔՆԱՐ» ՊԱՐԱԽՈՒՄԲԻ ԱՌԱՋԻՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄԸ ՍԿՍԱՒ ՄԵԾ ԽԱՆԴԱՎԱՌՈՒԹԵԱՄԲ
Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան Պարարուեստի միաւորին, երէկ` հինգշաբթի, 9 յունիս 2011-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, «Մոնօ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Քնար» պարախումբին ելոյթը` ընկերակցութեամբ հայրենի ժողովրդային գործիքներու նուագախումբին:
«Քնար» պարախումբի պարուսոյցն է Ֆելիքս Յարութիւնեան: Այս ելոյթներուն մասնակցելու համար Հայաստանէն Լիբանան հրաւիրուած հայրենի ժողովրդային գործիքներու նուագախումբին մաս կը կազմեն Հրաչ Նազարեան (խմբավար, տուտուկ, քլարինեթ), Աշոտ Վարդանեան (մեներգիչ, քամանչա), Գոռ Պուլմուխեան եւ Ռոպերթ Դուրենց (տհոլ), Արտակ Ասատրեան (տուտուկ, զուռնա), Վիգէն Բալասանեան (պլուլ) եւ Գէորգ Մովսէսեան (ձեռնադաշնակ):
Պարային ելոյթը սկսաւ «Բերդ» պարով, որմէ ետք ներկայացուեցան «Հայուհիներ», «Մարտական», «Նուպար», «Ախալքալաք, «Գառաւան» եւ այլ պարեր: «Քնար»ը նաեւ պարեց «Ատաժիօ»ն, «Սթրէյնճըրզ ին տը նայթ»ը, արաբական, մոլտաւիական եւ վրացական պարեր: Ելոյթին երկու երգերով իր մասնակցութիւնը բերաւ Աշոտ Վարդանեան: Մենապարերն ու խմբային կատարումները արժանացան ներկաներու գնահատանքին եւ ծափահարութիւններուն:
Պարախումբի անդամներուն բարձրորակ կատարումն ու խանդավառութիւնը եւ նուագախումբին ընկերակցութիւնը ստեղծեցին յատուկ մթնոլորտ, որ լիբանանահայ հասարակութեան համար նորութիւն էր եւ քաջալերական: Այս առնչութեամբ «Երգ երգոց»ի գործակցութեան յաջող փորձառութենէն ետք, հայրենի նուագախումբին եւ «Քնար»ին միացեալ կատարումը շարունակութիւնը եղաւ արուեստի այլ ճիւղի մը ընդմէջէն գործակցութեան նոր ոճի մը, որ պիտի գոյատեւէ ու տարածուի այլ մարզերու վրայ:
Յայտնենք, որ պարախումբը նոյն սրահին մէջ ելոյթներ պիտի ունենայ այսօր, վաղը եւ միւս օր: Կիրակի օր յետմիջօրէի ժամը 5:00-ին տեղի պիտի ունենայ ցերեկոյթ մը, իսկ երկուշաբթի օր «Քնար» ելոյթ պիտի ունենայ «Էմիլ Լահուտ» հանդիսասրահին մէջ` երեկոյեան ժամը 8:30-ին: