Օպամա Նախագահ Սարգսեանին Կոչ Կ՛ուղղէ Նորովի Ջանքեր Գործադրելու

Ճէյմս Ուորլիք

Ինչպէս նախապէս հաղորդած էինք, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպաման ուղերձ մը յղեց Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանին: Ուղերձին մէջ կը նշուի, որ ղարաբաղեան բանակցութիւններուն մէջ «փոխադարձ զիջումները ընդհանուր գիծերով արդէն իսկ յստակացած են»` կոչ ուղղելով Հայաստանի նախագահին նորովի ջանքեր գործադրել խաղաղութիւն հաստատելու համար:

Միացեալ Նահանգներու նախագահին ուղերձը իրեն հետ Երեւան բերած էր ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի նոր նշանակուած ամերիկացի համանախագահ, դեսպան Ճէյմս Ուորլիք: Հայաստանի նախագահին մամլոյ ծառայութիւնը «Արմենփրես»-ին փոխանցեց ուղերձին բովանդակութիւնը, որուն մէջ Օպամա կոչ կ՛ուղղէ յառաջիկայ ամիսներուն օգտագործելու Ազրպէյճանի հետ ուղղակի երկխօսութեան կարելիութիւնները եւ համանախագահներուն հետ ժամանակ եւ ունակութիւններ գտնելու` դուրս գալու բանակցային հոլովոյթի ներկայ փակուղիէն: Օպամա յայտնած է, որ փոխադարձ զիջումները յստակացած են, հետեւաբար ժամանակն է նորովի ջանքեր գործադրելու` շրջանին մէջ խաղաղութիւն հաստատելու համար:

Պարաք Օպամա նաեւ կը գրէ, որ վերջերս դեսպան Ճէյմս Ուորլիքի նշանակումը ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակին մէջ իբրեւ Միացեալ Նահանգներու համանախագահ «ուժեղ ազդանշան է Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման հարցին մէջ կողմերուն օգնելու` Միացեալ Նահանգներու տեւական ու աներկբայ պատրաստակամութեան մասին»:

Նշենք, որ Ուորլիք երէկ առաւօտեան աւարտեց իր երեւանեան այցելութիւնը եւ լրագրողներուն հետ հանդիպումէն ետք մեկնեցաւ Ստեփանակերտ:

Երէկ Երեւանի մէջ մամլոյ ասուլիս տալով Ճէյմս Ուորլիք յայտարարեց, որ ինք շրջան եկած է «լսելու եւ սորվելու նպատակով»: «Ասիկա առաջին այցելութիւնս է Հայաստան եւ կը փորձեմ ըստ կարելւոյն լաւ ծանօթանալ երկրին: ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակին մէջ ստանձնելով ամերիկացի համանախագահին պաշտօնը` այստեղ եմ լսելու եւ սորվելու նպատակով: Շուրջ քսան տարի անցած է Լեռնային Ղարաբաղի զինադադարի հաստատումէն ետք: Շրջանի ժողովուրդները սուղ գին վճարած են եւ անոնք արժանի են տագնապի տեւական լուծման, որ խաղաղութիւն եւ բարեկեցութիւն կը բերէ: Այս կարգի լուծումը, ինչպէս տեսած ենք բանակցային երկար տարիներու ընթացքին, դիւրին չէ եւ ատիկա չի կրնար կեանքի կոչուիլ, եթէ առաջնորդներու մօտ կը բացակայի քաղաքական կամքը, եթէ բոլոր կողմերէն չըլլան փոխադարձ զիջումներ եւ եթէ ժողովուրդներուն մօտ չըլլայ այն գիտակցումը, որ լուծումը կը բխի ապագայ սերունդներու շահերէն: Հելսինքեան եզրափակիչ աքթի սկզբունքները` ուժ չօգտագործելը, ինքնորոշման իրաւունքը եւ տարածքային ամբողջականութիւնը հաւասարապէս կարեւոր են եւ մեզի համար կը շարունակեն ուղղորդիչ նշանակութիւն ունենալ լուծման համար»:

Իր խօսքին մէջ ամերիկացի նոր համանախագահը վերահաստատեց ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի կարեւորութիւնը ղարաբաղեան տագնապի լուծման գործին մէջ: Ուորլիք մասնաւորաբար նշեց, որ իբրեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ամերիկացի համանախագահ, կրնայ վստահեցնել, որ Միացեալ Նահանգներ պատրաստ են շարունակելու աշխատիլ Ռուսիոյ, Ֆրանսայի եւ միջազգային հանրութեան հետ` տագնապի տեւական լուծումը ապահովելու համար: Ուորլիք կը սպասէ իր գործընկերներուն` ռուս համանախագահ Իկոր Փոփովի եւ ֆրանսացի համանախագահ Ժաք Ֆորի հետ աշխատանքին: Ըստ անոր, ԵԱՀԿ-ն կը հանդիսանայ կարեւորագոյն գործընկեր այս լուծման ճամբուն վրայ եւ կը ցանկայ ընդգծել դեսպան Անճէյ Քասփրչիքի կողմէ իրականացուած աշխատանքը` խաղաղութեան ուղղութեամբ: ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակը իր ուշադրութիւնը կը կեդրոնացնէ խնդիրին կուռ եւ տեւական լուծում գտնելուն վրայ:

Պատասխանելով «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի այն հարցումին, թէ երկար ժամանակէ ի վեր միջազգային հանրութիւնը միջնորդական ջանքեր կը գործադրէ, սակայն տագնապի լուծման առումով տեղաշարժ չկայ, ուստի ի՞նչ նոր ջանքեր կը պատրաստուին գործադրել Ուաշինկթընի մէջ լուծման ուղղութեամբ, դեսպան Ուորլիք նախ կրկնեց, թէ «այստեղ եկած է լսելու եւ սորվելու նպատակով» եւ աւելցուց, որ այս անգամ իրեն հետ նոր առաջարկներ չէ բերած: Ըստ անոր, Միացեալ Նահանգներ պատրաստ են շարունակել աշխատանքները ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի շրջագիծին մէջ` խնդիրին բանակցային լուծման հասնելու նպատակով:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )