Մեր Հարսը «Եապանճօ» Է. (Խաչի Տօնին Առիթով)

ՆԱԹԱԼԻ ՔԵՆՏԻՐՃԵԱՆ

Սեպտեմբեր 3, 2013, Այնճար:

Կ՛այցելենք բարեկամուհիի մը եւ խօսակցութեան ընթացքին կը նկատենք, թէ չորսս ալ այնճարցի հարսեր ենք, բայց` «եապանճօ», այսինքն` ոչ իսկական այնճարցի:

Շատ հետաքրքրական էր իւրաքանչիւրիս ապրած փորձառութիւնը այն գծով, թէ ինչպէ՜ս ընդունած էինք այս արտայայտութիւնը, զայն մեր կեանքին բաժին դարձուցած ենք եւ ապրած ենք միջավայրի մը մէջ, ուր յաճախ ինքնութիւնդ հարցականի տակ առնուած է եւ զատորոշուած ես, որովհետեւ պարզապէս այնճարցի չես:

 

 

 

 

 

 

 

Իմ պարագային, նախքան Այնճար հարս գալս, արդէն պատանեկութիւնս անցուցած էի Այնճարի մէջ, լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմին պատճառով, հոն դպրոց յաճախած, միութենական եղած, եկեղեցական շրջապատի մէջ մնացած եւ միշտ հիացմունքով դիտած էի իր պատկանելիութեամբ հպարտ ժողովուրդ մը: Ժողովուրդ մը, որ յուսահատիլ չի գիտեր, պարտութիւն չ՛ընդունիր, որովհետեւ յարատեւօրէն կը պայքարի, հաւատք ունի եւ` ապագայի տեսլական: Պարզապէս` հերոսներ, որոնք կը հաւատան աշխատանքի սրբութեան: Անոնք են, որ ճահիճը պտղաբեր պարտէզի վերածեցին, անապատը` դաշտի, իսկ անբնակելի կոչուած վայրը` օրինակելի գիւղի: Յատկանշական է այն, որ այս բոլորը ըրած են հաւաքաբար, կազմակերպուած աշխատանքով եւ ծրագրուած կերպով: Մեծը պզտիկով մտահոգ, խրատելու եւ օգնելու միշտ պատրաստ մարդիկ են այնճարցիները:

Այնճարը այսօր գեղեցիկ միջավայր մըն է, կ՛ապրի ու կը բարգաւաճի երեք եկեղեցիներուն շուքին ներքեւ, երեք դպրոցներով (հակառակ իրենց դիմագրաւած բոլոր մարտահրաւէրներուն), միութիւններով` մարզական մշակութային, հոգեւոր, որոնք հաւաքաբար կ՛աշխատին ներկայ բարդ պայմաններուն պարտադրած մարտահրաւէրներուն դէմ յանդիման թումբ կանգնելու եւ քայլ պահելու արագ բարեփոխութիւններուն հետ:

Այնճարը այնքան հետաքրքրական կը թուի իր այցելուներուն, որ ամէն եկող, երբ կապի մէջ մտնէ ժողովուրդին հետ, հիացմունքով կ՛արտայայտուի, թէ իւրաքանչիւր տան մէջ կը հանդիպի կա՛մ արուեստագէտի, կա՛մ վարպետ խոհարար տանտիկինի մը, որ պատրաստ է իր խոհագիրները եւ ձմրան պահածոներու վերաբերեալ հմտութիւնները բաժնեկցելու կամ հայկական ձեռագործներու հաւաքածոներ ստեղծողներու, որոնք իրենց հայկական տաղանդով եւ հմտութեամբ աշխատանք ու գուրգուրացած կ՛ըլլան իւրաքանչիւր կտորի:

Կը հանդիպիս նաեւ վարպետ արհեստաւորներու, որոնք յաճախ իրենց տան նորոգութիւնները անձամբ կ՛ընեն, շատ քիչեր են, որ ուրիշներու օգնութեան կը դիմեն:

Շնորհալի ժողովուրդ: Ժողովուրդ մը, որ պարով դիմագրաւած է դժուարութիւնները, ժողովուրդ մը, որ գիտէ բարգաւաճիլ եւ կազմակերպուիլ: Ժողովուրդ մը, որ հայապահպանումը առաջնահերթութիւն նկատած է ու կը նկատէ, կը հաւատայ հայ լեզուի սրբութեան, հայ մշակոյթի անփոխարինելի արժէքին, այդպէս ալ կը գործէ ու կ՛ապրի:

Այնճար եկողին համար զբաղումները բազմազան են ու բազմաթիւ` քալել, վազել, հեծանիւ քշել լայնատարած եւ ջինջ մաքուր բնութեան գիրկը, լեռ մագլցիլ, լողալ, որսորդութիւն ընել, ձկնորսութեան երթալ եւ, տակաւին, բնութեան պահպանման ջատագովը դառնալ ու նաեւ ամէն տեսակի գնումներ ընել: Անշուշտ այս բոլորը` ապահով հայկական միջավայրի մը մէջ, ընկերասէր ժողովուրդի մը հետ:

Բայց տակաւին, Այնճարը ունի զանազան կարիքներ, օրինակ` հիւանդանոցի մը, հանրային գրադարանի մը, ինչպէս նաեւ՝ աշխատանքի նոր առիթներու ստեղծում, որպէսզի նոր ուժեր գան ու շարունակեն ծաղկեցնել իրենց պապենական օճախը, վառ պահել անոր ճրագը:

Ես ուրախ եմ, որ Այնճար հարս եկած եմ եւ «եապանճօ» ըլլալը երբեք չի խանգարեր:

Յարատեւ վերելք, սիրելի՛ Այնճար:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )