Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Լաւ լուր մը պիտի ստանաք բարեկամէ մը, որ շուտով պիտի այցելէ ձեզի:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Աշխատանքի մէջ կացութիւնը ի նպաստ ձեզի չէ: Զգուշաւոր կերպով հետեւեցէք անցուդարձերուն:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Պիտի ունենաք պատեհութիւնը` ձեր ճամբորդական յուշերը պատմելու հետաքրքիր անձերու:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Լաւատեսութեամբ չէք մօտենար հարցերուն: Ասիկա լաւ ընտրանք մը չէ, սթափեցէք:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ձեր գործակիցներուն հետ անհամաձայն պիտի ըլլաք: Այս պայմաններուն մէջ աշխատիլը դժուար է եւ անհաճոյ:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Թոյլ մի՛ տաք, որ ձեր թղթածրարները կուտակուին: Այժմէն գործի անցէք դասաւորելու համար զանոնք:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Եթէ վերսկսիք մարզանքի ձեր վարժութիւններուն, լաւ գործ մը ըրած պիտի ըլլաք եւ հաճոյքով պիտի շարունակէք:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Ուրիշներուն տառապանքը վատ ազդեցութիւն պիտի ունենայ ձեր վրայ: Պաշտպանեցէք դուք ձեզ:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Թոյլ տուէք, որ խօսի ձեր մէջ եղած արուեստագէտը: Ան շատ ըսելիքներ ունի ձեզի փոխանցելու:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Սանձ մը դրէք ձեր կատարած անպէտք ծախսերուն: Ձեր կեանքին գնացքը ետքայլի մէջ է:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Որոշում պիտի տաք ի նպաստ ձեզի, եւ պիտի կարենաք շինիչ գործերու սկսիլ: Ապրի՛ք:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Սննդականոնը արդար է, բայց` ոչ ձեր առողջութիւնը վտանգելու աստիճան: Ուշադիր եւ խոհեմ եղէք:

