Վազքի Նոր Մրցանիշ. 622 Օր` Աշխարհի Շուրջ
Աւստրալիացի Թոմ Տենիս նախորդ շաբաթավերջին աւարտեց երկրագունդին շուրջ իր կատարած վազքը` վերադառնալով Սիտնի, անոր սկսումէն 622 օր ետք:
Այսպիսով, Տենիս գերազանցեց դանիացի Եսպըր Օլսընի հաստատած մրցանիշը, որ 2005-ին երկրագունդին շուրջ վազած էր 662 օրուան ընթացքին:
Այսպիսով, աւստրալիացին պատմութեան մէջ դարձաւ առաջին մարդը, որ առանձինը կը յաղթահարէ 26 հազար քմ երկարութիւն ունեցող ճամբան, կ՛եզրափակէ Armsport.am-ը:
CATEGORIES Մարզական