Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Երազելու տարիք չկայ, նաեւ` նուազ լուրջ ըլլալու: Հետեւեցէք ձեր զգացումին:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Դժուար է անակնկալ հարցերը յաղթահարել: Եթէ կարենայիք նախատեսել, արդէն անոնք անակնալ չէին ըլլար:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Ձեր առողջութիւնը պահելու համար մաքուր օդ շնչեցէք: Հանգստանալու ձեւերը շատ են, ընտրեցէք անոնցմէ մէկը:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Շատ արագ աշխատանքը կը յոգնեցնէ ձեզ: Փոխեցէք աշխատելու այս ձեւը:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Բանակցութիւններու ընթացքին եղէք բարեացակամ: Այդպիսով պիտի յաջողիք:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Եթէ ընտանի անասուն կը սիրէք, պիտի ունենաք հաճելի ընկերակցութիւն: Կատարեցէք ձեր փափաքը:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Սիրոյ խոստումներ պիտի ստանաք: Առանց վարանումի` ընդունեցէք հրաւէրը:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Կնճռոտ հարցեր պիտի փարատէք: Այսպիսով պիտի կարենաք հանգիստ զգալ:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Օրը շատ լաւ է իմաստասիրելու հարցերը եւ կապ պահելու բնութեան հետ:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Ձեր տնօրէնը կամ վարպետը պիտի քաջալերէ ձեզ, ինչպէս որ կ՛ընէր սովորաբար:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Յառաջացէք, ձեր յաջողութիւնը անխուսափելի է: Շարունակեցէք նոյն թափով:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Պիտի արտայայտուիք համարձակութեամբ: Այս կեցուածքը նպաստաւոր պիտի ըլլայ ձեզի համար: