Նալբանդեան Պիտի Այցելէ Վարշաւա, Հռոմ Եւ Վատիկան

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան այսօր պիտի մեկնի Վարշաւա, ուր նախատեսուած է անոր հանդիպումը Լեհաստանի արտաքին գործոց նախարար Ռատոսլաւ Սիքորսքիի հետ:

18-20 սեպտեմբերին նախարար Նալբանդեան պաշտօնական այցելութիւն պիտի կատարէ Հռոմ. այցելութեան ընթացքին ան հանդիպումներ պիտի ունենայ Իտալիոյ օրէնսդիր եւ գործադիր իշխանութիւններու բարձրաստիճան ներկայացուցիչներուն հետ: Նախատեսուած է նաեւ Էդուարդ Նալբանդեանի դասախօսութիւնը Միջազգային յարաբերութիւններու իտալական հիմնարկին մէջ:

19 սեպտեմբերին Էդուարդ Նալբանդեան պիտի մասնակցի Վատիկանի մէջ Հայաստանի դեսպանատան բացման հանդիսաւոր արարողութեան: Վատիկանի մէջ Նալբանդեան հանդիպում պիտի ունենայ Ս. աթոռի պետութիւններու հետ յարաբերութիւններու գծով քարտուղար Տոմինիք Մամպերթիի հետ:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )