«Հրանդ Տինք Դաս Էր, Որ Իմանանք, Թէ Ինչպիսի՛ Երկիր Է Թուրքիան Եւ Ի՛նչ Կարելի Է Սպասել Անկէ» Կ՛ըսէ Հայկազուն Ալվրցեան
15 սեպտեմբերին Հրանդ Տինք 59 տարեկան պիտի դառնար: 14 սեպտեմբերին լրագրողներուն հետ հանդիպման ընթացքին Արեւմտահայոց հարցերու ուսումնասիրութեան գիտահետազօտական կեդրոնի տնօրէն Հայկազուն Ալվրցեան խօսեցաւ Հրանդ Տինք անհատին եւ անոր ծաւալած գործունէութեան մասին: Ան նշեց, որ Հրանդ Տինք երեւոյթը պէտք է դիտել ոչ միայն մտաւորականի, հայու շրջագիծին մէջ, այլեւ հայկական հարցի լուծման շրջագիծին մէջ:
Ալվրցեան պատմեց, որ Պոլսոյ մէջ Հրանդ Տինքի հանդիպումներէն հասկցած է, որ ան տեղւոյն հայկական համայնքի առաջնորդն էր` գաղափարական առումով: Ան յաջողած էր թրքական թերթի էջերէն չորսին հայերէն «Ակօս» թերթը հրատարակել, եւ ատիկա մեծ յառաջընթաց էր Թուրքիոյ մէջ: Ըստ Ալվրցեանի, Հրանդ Տինք համախոհներ ունէր, բայց անոնք միայն Պոլսոյ մտաւորականներն էին: «Հրանդը դաս էր, որ իմանանք, թէ Թուրքիան ինչպիսի՛ երկիր է եւ ի՛նչ կարելի է սպասել անկէ»:
Ալվրցեան ընդգծեց, որ Հրանդ Տինք անշուշտ սպաննուած է պետական կառոյցի հրամանով, սակայն ինք չի կրնար ըսել, թէ ինչո՛ւ այդ նոյն իշխանութիւնները հիմա կ՛ուզեն գործը նորէն վերաբանալ եւ քննութիւն կատարել:
Յայտնենք, որ Հրանդ Տինքի ծննդեան օրը Արեւմտահայոց ուսումնասիրութեան գիտահետազօտական կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկ մը, որուն ընթացքին ցուցադրուեցաւ Հրանդ Տինքը ներկայացնող ժապաւէն մը: