Իրանի Նաւարկման Մարզին Դէմ Հաստատուած Եւրոպական Արգելքը Ջնջուեցաւ. «Թեհրան Պատրաստ Է Իւրանիոմի 20 Առ Հարիւրով Հարստացման Դադրեցման Հարցը Քննարկելու» Ըսաւ Լաւրով

Իրանի մէջ նաւարկումի հարցով նախագահական յանձնախումբի եւ նաւարկումի ընկերութեան ընդհանուր տնօրէն Մոհամետ Հուսնի Տաժմար յայտարարեց, որ նաւարկումի մարզին եւ 17 ընկերութիւններու դէմ հաստատուած միակողմանի պատժամիջոցները ջնջուած են:

«Եւրոպական Միութեան կողմէ միակողմանի եւ անարդարանալի կերպով նաւարկումի ընկերութեան դէմ հաստատուած պատժամիջոցէն ետք հարցը իրաւաբանական հետապնդումի ենթարկուեցաւ, եւ կրցանք այս ապօրինի որոշումները ջնջել», ըսաւ ան:

Տաժմար նշեց, որ ամիսներու հետապնդումներէ եւ հարցին շուրջ ուսումնասիրութիւններէ ետք եւրոպական դատարանը այդ արգելքին ջնջումը յայտարարած է: «Այս մեծ յաջողութիւնը իրանեան նաւարկումի ընկերութեան իրաւացիութիւնը եւ անոր ուղղուած ամբաստանութեանց դատարկութիւնը փաստեց»:

Մինչ այդ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարեց, որ Թեհրան «5+1» պետութեանց հետ յառաջիկայ բանակցութեանց ընթացքին պատրաստ է իւրանիոմի 20 առ հարիւրով հարստացումը դադրեցնելու հարցը քննարկելու:

Ռուսական լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ Լաւրով յայտնած է, թէ «անցնող մէկուկէս տարուան ժամանակաշրջանը ականատես դարձաւ հիւլէական տագնապի լուծման համար յառաջ ընթանալու լաւ հիմքի մը ստեղծման»` նշելով, որ «մեր իրանցի գործընկերները վեցեակի խմբակին հետ բանակցութեանց ընթացքին պատրաստ են իւրանիոմը 20 առ հարիւրով հարստացնելու դադրեցնելու հարցը քննարկելու, եւ այդ աստիճանը կը շրջանցէ խաղաղ նպատակներն ու Թեհրանին հիւլէական  զէնք ձեռք ձգելու կարողութիւն կու տայ»: «Վեցեակը պէտք է այս համաձայնութեան ընդառաջէ», ըսաւ Լաւրով:

Ռուսական դիւանագիտութեան պետը գնահատեց հիւլէական թղթածրարին մէջ ամբողջական թափանցիկութիւն երաշխաւորելու իրանեան ղեկավարութեան նոր կեցուածքը եւ ըսաւ, որ այդ մէկը միակողմանի պէտք չէ մնայ, այլ արեւմտեան եւ այլ պետութեանց կողմէ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի որոշումներուն հակասող միակողմանի պատժամիջոցներուն ջնջման զուգահեռ պէտք է ըլլայ:

Լաւրով ըսաւ, որ Ռուսիա քիմիական զէնքի խաղաղ օգտագործման Իրանի իրաւունքը կը ճանչնայ, ներառեալ` իւրանիոմի 20 առ հարիւրով հարստացումը, սակայն Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան հսկողութեան տակ:

Միւս կողմէ, գերմանական «Տեր Շփիկըլ» պարբերաթերթը հաղորդեց, որ Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի պատրաստ է Իրանի դէմ հաստատուած պատժամիջոցներու մեղմացման փոխարէն «Ֆորտու» հիւլէական կայանին մէջ իւրանիոմի հարստացման աշխատանքը դադրեցնելու` նշելով, որ Ռուհանի մտադիր է այդ կայանին հնոցները միջազգային հսկողութեան տակ դնելու, պայմանաւ որ Միացեալ Նահանգներն ու Եւրոպական Միութիւնը Իրանի արտօնեն քարիւղ արտածել եւ վերցնեն իրանեան կեդրոնական դրամատան դէմ հաստատուած սահմանափակումները:

Ըստ գերմանական պարբերաթերթին, Ռուհանի կրնայ այս առաջարկը ներկայացնել այս ամսուան վերջաւորութեան ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի ընթացքին իր արտասանելիք խօսքին մէջ:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )