Թենիս. Այսօր Կը Սկսի Արեւմտեան Ասիոյ Կրտսերներու Առաջին Ախոյեանութիւնը` «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ի Դաշտերուն Վրայ
Կազմակերպութեամբ Լիբանանի թենիսի ֆետերասիոնին, այսօր` չորեքշաբթի, 18 սեպտեմբերին, «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ի թենիսի դաշտերուն վրայ կը սկսի Արեւմտեան Ասիոյ կրտսերներու թենիսի առաջին ախոյեանութիւնը: Տեղի պիտի ունենան կրտսերներու (13 տարեկան եւ վար, տղաք եւ աղջիկներ), ինչպէս նաեւ տղոց եւ աղջկանց անհատական մրցումները:
Այս ախոյեանութեան մասնակցող վեց երկիրներն են` Յորդանան, Իրաք, Սուրիա, Իրան, Եմէն եւ Լիբանան:
Ա. հանգրուանի մրցումները տեղի պիտի ունենան 18-21 սեպտեմբերին, իսկ Բ. հանգրուանինները` 23-27 սեպտեմբերին:
Այս երկու հանգրուանի մրցումներուն արդիւնքներուն լոյսին տակ պիտի յստականան փետրուար 2014-ին Ասիոյ ախոյեանութեան իրենց տոմսերը ապահովող խումբերուն անունները: Նշենք, որ Արեւմտեան Ասիոյ ախոյեան հանդիսացողը պիտի ստանայ 300 կէտ, ապա` 200, 150 եւ 120 կէտ` ախոյեանին ետին գտնուող չորս երկիրները:
Լիբանանի թենիսի ֆետերասիոնին կողմէ հրապարակուեցաւ ցանկը այն մարզիկներուն, որոնք իրենց մարզիչ ունենալով Ֆատի Եուսեֆը` պիտի ներկայացնեն Լիբանանը. Քեւին Շահուտ, Ռոյ Թապեթ, Քարիմ Սալիպի, Թոմաս Հատտատ, Ռաուլ Եազպեք, Ժալալ Սատեք (տղաք), Եասմին Ղաուի, Ղատա Պաթուր, Կայել Ապու Ապտօ եւ Սարա Նասիֆ (աղջիկներ):
Նշենք, որ ախոյեանութեան նախօրեակին Լիբանանի թենիսի ֆետերասիոնի նախագահ («Մայք-Սփոր» վաճառատան սեփականատէր) Սամիր Սալիպա մարզիկներուն ուղղած իր խօսքին մէջ յոյս յայտնեց, որ բոլոր մարզիկներն ալ անխտիր արձանագրեն տպաւորիչ արդիւնքներ:

