Ըմբշամարտ. Աշխարհի Ախոյեանութիւն. Արթուր Առաքելեան Ձախողեցաւ Պրոնզ Մետալին Տիրանալ

Հունգարիոյ մայրաքաղաք Պուտափեշթի մէջ տեղի ունեցող ըմբշամարտի աշխարհի ախոյեանութեան մրցումներուն, Հայաստանի ներկայացուցիչ Արթուր Առաքելեան ձախողեցաւ պրոնզ մետալին տիրանալ:

Քառորդ աւարտականին Առաքելեան (60 քկ) թէեւ պարտուեցաւ իր ռուս մրցակիցէն, սակայն նկատի ունենալով, որ անոր մրցակիցը ապահովեց աւարտականի իր տոմսը, հայ ըմբիշը իրաւունք ստացաւ պայքարելու պրոնզ մետալին համար: Սակայն ան դժբախտաբար պարտուեցաւ իրանցի իր մրցակիցէն` 8-0 արդիւնքով:

Հայաստանը ներկայացնող այլ ըմբիշ մը` Մուսա Մուրթազալիեւ (84 քկ), իր կարգին պարտուեցաւ պրոնզէ մետալին համար մղուող պայքարին ընթացքին:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )