Ուքրանիա Հաստատած Է Եւրոպական Միութեան Հետ Ընկերակցութեան Համաձայնագիրի Նախագիծը

Gazeta.ru կայքէջը կը հաղորդէ, որ Ուքրանիոյ մէջ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցչութեան ղեկավար Եան Թոմպինսքի յայտարարած է, որ Ուքրանիոյ կառավարութիւնը հաստատած է Եւրոպական Միութեան հետ Ընկերակցութեան համաձայնագիրի նախագիծը:

Կառավարութեան նիստին քննարկուելէ ետք, փաստաթուղթը պիտի փոխանցուի Ուքրանիոյ նախագահ Վիքթոր Եանուքովիչին` ստորագրման համար:

Ուքրանիա կ՛ենթադրէ, որ այդ համաձայնագիրի ստորագրումը պիտի նպաստէ ուղղակի ներդրումներու յաւելման եւ պիտի մեծցնէ ուքրանական տնտեսութեան մրցունակութիւնը:

Ուքրանիան կը նախատեսէ ստորագրել համաձայնագիրը այս տարուան նոյեմբերին` Վիլնիուսի մէջ «Արեւելեան գործընկերութեան» վեհաժողովի ընթացքին:

Եւրոպական Միութիւնը Ուքրանիոյ
1
Միլիառ Եւրօ Եւ Արագ «Ընկերակցութիւն»
Առաջարկած Է

«Սիվիլնեթ»` յղում կատարելով «Առ.Պի.Սի.-Ուքրայինա»-ի կը հաղորդէ, որ Եւրոպական խորհրդարանը որդեգրած է բանաձեւ մը, որ կը նշէ, թէ Եւրոպական Միութիւնը Ուքրանիոյ կրնայ արդէն 2014-ին աւելի քան 1 միլիառ եւրօ ելեւմտական աջակցութիւն յատկացնել:

Բանաձեւին մէջ կ՛առաջարկուի նաեւ, որ Ընկերակցութեան համաձայնագիրը սկսի գործել ստորագրուելէն անմիջապէս ետք:

Սահմանուած կարգին համաձայն, Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրները ստորագրուած համաձայնագիրները կը վաւերացնեն երկու-երեք տարուան ընթացքին: Հոլովոյթը արագացնելու համար` Եւրոպական խորհրդարանը կ՛առաջարկէ, որ փաստաթուղթը ուժի մէջ մտնէ առանց յապաղումի` անմիջապէս:

Եւրոպացի շարք մը փորձագէտներ` մեկնաբանելով Եւրոպական խորհրդարանի այս նախաձեռնութիւնը, կը նշեն, որ Ուքրանիոյ մէջ 2015-ին նախագահական ընտրութեան ընթացքին Մոսկուա պիտի առաջադրէ նախագահի իր թեկնածուն, որ ընտրուելու պարագային կրնայ հրաժարիլ Ընկերակցութեան համաձայնագիրէն:

Անցեալ շաբաթ Ռուսիոյ վարչապետ Տմիթրի Մետվետեւ յայտարարած էր, որ եթէ Քիեւ Եւրոպական Միութեան հետ համաձայնագիրը ստորագրէ, անոր համար Մաքսային միութիւն մուտքը պիտի փակուի:

 

 

Share this Article
CATEGORIES